Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Տօնոյեան եւ «Ոչ-Պիտանի Հրթիռներու» Գործով Եւս Երեք Մեղադրեալներ Կը Մնան Կալանքի Տակ

Տօնոյեան եւ «Ոչ-Պիտանի Հրթիռներու» Գործով Եւս Երեք Մեղադրեալներ Կը Մնան Կալանքի Տակ

by MassisPost

Դատարանը որոշեց 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակել միայն օդագնացութեան սպառազինութեան պետ Արտիոմ Համբարեանը: Համբարեանի լիազօրութիւնները կասեցուած են:

Առանձնապէս մեծ չափերու իւրացման համար մեղադրուող պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ «ոչ-պիտանի հրթիռներու» գործով եւս երեք մեղադրեալներ կը մնան կալանքի տակ:

Պաշտպանութեան նախկին նախարարէն բացի, կալանքի տակ կը շարունակեն մնալ Գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ Ստեփան Գալստեանը, բանակին հրթիռներ մատակարարած ընկերութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեանը, Զինուած ուժերու ռազմական օդագնացութեան նախկին պետ Աւետիք Մուրատեանը: Ազատութեան մէջ է պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահման համար մեղադրուող՝ Գլխաւոր շտաբի գործող պետ Արտակ Դաւթեանը եւ եւս մէկ զինուորական` Օդագնացութեան վարչութեան գլխաւոր ճարտարապետ Վլատիմիր Պապայեանը:

Չնայած պաշտպանական կողմի պահանջին, նիստը կը շարունակէ անցնիլ դռնփակ, եւ լրագրողները մեղադրող կողմին տեսակէտը լսելու հնարաւորութենէն զրկուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment