Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստանի ԱԳՆ-ն «Կ’ափսոսայ», Որ ՀՀ Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Հրապարակաւ Քննադատել ՀԱՊԿ-ը

Ռուսաստանի ԱԳՆ-ն «Կ’ափսոսայ», Որ ՀՀ Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Հրապարակաւ Քննադատել ՀԱՊԿ-ը

by MassisPost

Մոսկուան «կ’ափսոսայ», որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ՀԱՊԿ-ի հասցէին թոյլ տալ հրապարակային քննադատութիւն, յայտարարած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ մեկնաբանելով ՀԱՊԿ-ի մասին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը։ «Ոչ միայն քննադատութիւն… Քննադատել կարելի է եւ պէտք է, բայց մենք կը խօսինք անհիմն քննադատութեան մասին։ Այդ այն պարագային, երբ կազմակերպութեան քարտուղարութիւնը հրապարակաւ հաստատած է հանրապետութեան նկատմամբ բոլոր պարտաւորութիւններու պահպանումը ՀԱՊԿ կանոնադրական նպատակներուն եւ սկզբունքներուն լիովին համապատասխան»,- ըսած է Զախարովան՝ նշելով, որ կազմակերպութիւնը «30 տարի ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ»:

Անոր խօսքով՝ Ռուսաստանը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին «Եւրոմիութեան առաքելութեան իրական դրդապատճառներին երբեք չէ կասկածած»։ Ան յայտնած է, որ այս առաքելութիւնը նախատեսուած է տարածաշրջանին մէջ լրտեսական գործունէութիւն ծաւալելու համար։

«Ինչ կը վերաբերի ԵՄ առաքելութեան գործունէութեան, մենք երբեք չենք կասկածած անոր իրական էութեանը։ Սա լրտեսական գործունէութիւն ծաւալելու խնդիր է։ Մենք բազմիցս խօսած ենք այս մասին»,- ըսած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment