Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ինչպէ՞ս «Մոպայլ Սենթր»-ը Դարձաւ Հայաստանի Առաջին Հարկատուն

Ինչպէ՞ս «Մոպայլ Սենթր»-ը Դարձաւ Հայաստանի Առաջին Հարկատուն

by MassisPost

Բջջային հեռախօսներու վաճառքով զբաղող «Մոպայլ Սենթր» ընկերութիւնը դարձած է Հայաստանի թիւ մէկ հարկատուն։ Գործարար Սամուէլ Ալեքսանեանի ընտանիքին հետ կապուող ընկերութիւնը անցեալ երեք ամիսներուն շուրջ 20 միլիառ դրամ հարկ մուծած է՝ 2023-ի համեմատ գրեթէ երեքուկէս անգամ աւելի։

Ինչպէ՞ս «Մոպայլ Սենթր»-ը դարձաւ առաջին հարկատուն, տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեանը կը բացատրէ՝ ընկերութիւնը նման հարկային ցուցանիշի հասած է հիմնականին մէջ դէպի Ռուսաստան արտահանումներու շնորհիւ։

«Այստեղ բաւականին մեծ տեսակարար կշիռ ունեն հեռախօսները, տարբեր սարքաւորումները եւ այլն, որոնք ներկայումս գտնւում են պատժամիջոցների տակ եւ Ռուսաստանը չի կարողանում այդ ապրանքներն ուղղակի ձեռք բերել եւ «Մոպայլ Սենթր»-ը դարձել է այդ վերաարտահանող ընկերութիւններից մէկը»,- ըսաւ Պարսեանը:

Հարկատուներու ցանկին վրայ առաջատար դիրքեր գրաւող Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանին վճարած հարկերը այս երեք ամիսներուն գրեթէ չեն տարբերիր նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն, Յունուար-Մարտ ամիսներուն գործարանը գրեթէ 15,5 միլիառ դրամ վճարած է։

«Պայմանաւորուած է մետաղի գների նուազմամբ համաշխարհային շուկայում եւ նաեւ անցած տարի որոշակի լրացուցիչ հարկային մուտքեր են եղել՝ պայմանաւորուած հարկային ստուգումներով եւ այլն», – նշեց տնտեսագէտը:

Ըստ տնտեսագէտին՝ այս թիւերը ցոյց կու տան, որ Հայաստանի մէջ մեծցած է առցանց գնումներու թիւը:

Հարկատուներու տասնեակին մէջ յայտնուած է նաեւ ռուսական «Ուայլտպերիզ» առցանց խանութը։ Ընկերութիւնը անցեալ երեք ամիսներուն աւելի քան 4 միլիառ դրամ մուծած է։ Հայաստանցիները առցանց այս խանութէն կը գնեն խնամքի միջոցներէն մինչեւ մաքարոնեղէն, գիրքեր, հագուստ:

Տնտեսագէտը կ’ըսէ՝ այս թիւերը ցոյց կու տան, որ Հայաստանի մէջ մեծցած է առցանց գնումներու թիւը. «Երբ խօսում ենք տարբեր առցանց հարթակների վճարած հարկերի մասին, պէտք է խօսենք դա ի հաշիւ տեղական արտադրութեան է նաեւ եղել: Այսինքն տեղական արտադրողներին դուրս են թողել շուկայից, քանի որ ներկրուող ապրանքները տարբեր հարթակների միջոցով կամ կազմակերպութիւնների միջոցով աւելի էժան եւ մատչելի է հայ սպառողի համար»:

Տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեանը լաւատես չէ տնտեսական ցուցանիշերէն ու հարկային մուտքերէն, հակառակը՝ մտահոգիչ կը համարէ իրավիճակը. «Բաւականին մտահոգիչ իրավիճակ ունենք, ստացւում է, որ տնտեսական աճ կայ, առկայ է մուտքերի աճ, բայց դրանց որակն ու դրանց բաշխուածութիւնը բաւականին մտահոգիչ է»:

Ըստ տնտեսագէտին՝ բարձր թիւերը արտաքին գործօններու արդիւնք են ու ժամանակաւոր բնոյթ կը կրեն։ Կը պնդէ՝ արտաքին գործօններու վերացման կամ թուլացման պարագային Հայաստանի մէջ լուրջ ճգնաժամ պիտի ստեղծուի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment