Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հնդկաստանի ԱԳՆ-ն Արձագանգած Է Հայաստանին Զէնք Մատակարարելու Վերաբերեալ Ատրպէյճանի Քննադատութեան

Հնդկաստանի ԱԳՆ-ն Արձագանգած Է Հայաստանին Զէնք Մատակարարելու Վերաբերեալ Ատրպէյճանի Քննադատութեան

by MassisPost

Հնդկաստանը լաւ յարաբերութիւններ ունի Պաքուի եւ Երեւանի հետ, սակայն Նիւ Տելհին նաեւ կ’աշխատի պաշտպանական արտադրանքի արտահանման խթանման ուղղութեամբ:

Այս մասին յայտնած է Հնդկաստանի ԱԳՆ խօսնակ Ռանտհիր Ճէյսվալը՝ արձագանքելով Հնդկաստանի կողմէ Հայաստանին զէնք մատակարարելու վերաբերեալ Ատրպէյճանի քննադատութեան։

«Մենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունինք ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Հայաստանի հետ, բայց բացի անկէ, մենք նաեւ կ’իրականացնենք պաշտպանական արտահանման խթանման Հնդկաստանի քաղաքականութիւնը»,- ըսած է ան։

Աւելի վաղ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած էր, որ իրենք չեն կրնար ձեռքերը ծալած նստիլ, քանի դեռ Ֆրանսան, Հնդկաստանը եւ Յունաստանը կը զինեն Հայաստանը։ Ըստ Ալիեւի, թուարկուած երկիրները այդ կ’ընեն բացայայտ եւ ցուցադրաբար եւ նոյնիսկ կը փորձեն անով որոշ բան ապացուցել Պաքուին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment