Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2021 Թուականին 1000 Մեծ Հարկատուները Վճարած Են 1,2 Թրիլիոն Դրամ

2021 Թուականին 1000 Մեծ Հարկատուները Վճարած Են 1,2 Թրիլիոն Դրամ

by MassisPost

Հայաստանի Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն կը յայտնէ, որ Հարկային Մարմինին կողմէ հրապարակուած է 2021 թուականի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին առաջին 1000 մեծ հարկ վճարողներուն կողմէ վճարուած հարկերուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը:

1000 մեծ հարկ վճարողներու կողմէ 2021 թուականի 12 ամիսներուն ընթացքին պետական պիւտճէ ընդհանուր առմամբ վճարուած է աւելի քան 1 թրիլիոն 206 միլիառ դրամ: Հարկային Մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է աւելի քան 989 միլիառ 980 միլիոն դրամ, իսկ Մաքսային Մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է աւելի քան  216 միլիառ 881 միլիոն դրամ:

1000 մեծ հարկ վճարողներուն վերաբերեալ ցանկերը հասանելի են ՊԵԿ պաշտօնական կայքի  «Հարկ վճարողներու վերաբերեալ տեղեկատուական ցանկեր»  բաժնին մէջ: Ցանկը հրապարակուած է հիմք ընդունելով ներկայիս գործող ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ սահմանուած չափորոշիչները, մասնաւորապէս` ցանկին մէջ ներառուած են պետական եւ համայնքային կառավարչական հիմնարկները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment