Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Ու Իտալիոյ Պատուիրակութիւնները Քննարկած Են Ռազմական Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Հայաստանի Ու Իտալիոյ Պատուիրակութիւնները Քննարկած Են Ռազմական Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Ապրիլ 23-25-ին Իտալիա գտնուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Բրուտեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Իտալիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան սպառազինութեան ազգային տնօրէն եւ պաշտպանութեան գլխաւոր քարտուղար, զօրավար Լուչիանօ Փորթոլանոյի, Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Մաթէօ Փերեկօ տի Քրեմնակոյի, Քոնֆինտուսթրիայի օդատիեզերական, պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ֆետերասիոնի նախագահ Ճուզեփփէ Քոսսիկայի, ինչպէս նաեւ ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Իտալիա ռազմական, ռազմագիտարուեստական, ռազմաարհեստագիտական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, ձեռք բերուած են շարք մը պայմանաւորուածութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment