Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տարիներ Առաջ Պաքուէն Ապաստան Հայցած Մարտիրոսեանի Ու Ջաղինեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է

Տարիներ Առաջ Պաքուէն Ապաստան Հայցած Մարտիրոսեանի Ու Ջաղինեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է

by MassisPost

Պետական դաւաճանութիւն կատարելու համար քրէական հետապնդում յարուցուած է Վահան Մարտիրոսեանի եւ Սիւզան Ջաղինեանի նկատմամբ, անոնք կը հետախուզուին, յայտնած է Քննչական Կոմիտէն։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ 2015թ․ Սեպտեմբերին Վահան Մարտիրոսեանը ընտանիքով հատած է Հայաստանի պետական սահմանը, «թշնամական գործունէութիւն իրականացնելու համար» անցած է Ատրպէյճանի կողմը՝ մեկնած է Պաքու, ուր հանդիպած է ատրպէյճանական յատուկ ծառայութեան ներկայացուցիչներու հետ, եւ հաւաքագրուելով անոնց կողմէ՝ համագործակցութեան համաձայնագիր կնքած է, ապա անոնց յանձնարարութեամբ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով հակահայկական ելոյթներ ունեցած է։

Բացի այդ, ըստ ՔԿ-ի՝ ան կեղծ ընկերային ցանցերու միջոցով հիմնած է «խաղաղութեան հարթակ» կեղծ խորագրով գաղափարախօսական կազմակերպութիւն, որուն մէջ հաւաքագրած է նաեւ Ջաղինեանը։ Քննչականը կը շարունակէ՝ արդէն 2017թ. Ջաղինեանը անցած է Ատրպէյճանի կողմը՝ մեկնած է Պաքու, հանդիպած է ռազմական ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ, եւ «հաւաքագրուելով անոնց կողմէ՝ համագործակցութեան համաձայնագիր կնքած է, որմէ յետոյ գումարի դիմաց վերջիններուս յայտնած է պետական գաղտնիք պարունակող՝ ինչպէս Քարվաճառի զօրամասի, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապուած տեղեկութիւններ»։

Ան ատրպէյճանական յատուկ ծառայութեան պահանջով հարցազրոյց տուած է, որուն ընթացքին գովաբանած է այդ երկիրը եւ հակահայկական ելոյթներ ունեցած է, կը փոխանցէ հայաստանեան իրաւապահ կառոյցը։

Անոնց նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է, խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը: Վերջիններուս նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:

Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը 2017-ին տեղեկացուցած էր, որ Պաքուի մէջ ընթացող Եւրանեսթ ԽՎ-ի համաժողովին Սիւզան Ջաղինեանը փորձած էր սադրել պատգամաւորներ Արմէն Աշոտեանին եւ Մանէ Թանդիլեանին։

2015-ին ալ Քննչականը հաղորդած էր, որ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական ապաստան հայցող Վահան Մարտիրոսեանը, որ ներկայացած էր որպէս «Ներազգային ազատագրական շարժում» քաղաքացիական նախաձեռնութեան ղեկավար, հետախուզման մէջ գտնուած էր: Անոր նկատմամբ քրէական գործը յարուցուած էր Քրէական Օրէնսգիրքի 177-րդ յօդուածի երկրորդ մասի երկրորդ կէտի յատկանիշերով՝ «խոշոր չափերով գողութիւն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment