Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստան Շուրջ 144 Միլիառ Դրամի Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրէ Արցախին

Հայաստան Շուրջ 144 Միլիառ Դրամի Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրէ Արցախին

by MassisPost

2022 թուականին Հայաստանի կառավարութիւնը շուրջ 144 միլիառ դրամի աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Արցախին. այսօր կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ այդ քննարկման ընթացքին Փաշինեան նկատած է` իրադրութիւնը համատեղ ջանքերով կրցած են որոշակի կառավարելիութեան տիրոյթի մէջ պահել, որպէսզի յետպատերազմական իրավիճակին մէջ մարդասիրական ճգնաժամեր չառաջանան:

Արդէն 300 բնակարան աւարտած է եւ յանձնուած է հիմնականին մէջ տեղահանուած զոհուածներու ընտանիքներուն եւ այն ընտանիքներուն, որոնք աւելի սուր վիճակի մէջ են, տեղեկացուցած է Արցախի ղեկավարը:

«144 միլիառ դրամի պարագայում մեզ յաջողուելու է լուծել առկայ խնդիրները եւ ոչ միայն բնակարանաշինութեան: Մենք շատ յաւակնոտ ծրագրեր ենք սկսել. կառուցւում է արդէն Պատարա-Ստեփանակերտ խողովակաշարը, որն ամբողջութեամբ լուծելու է ոչ միայն Ստեփանակերտի որակեալ խմելու ջրի հարցը, այլ նաեւ այդ կառուցուող բնակավայրերի, որոնց մի մասը գտնւում է Ստեփանակերտի յարակից տարածքներում», ըսած է Արայիկ Յարութիւնեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment