Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Կ’ողջունէ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Սահմանազատման Մեկնարկը. Փաթել

ԱՄՆ Կ’ողջունէ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Սահմանազատման Մեկնարկը. Փաթել

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները կ’ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին մեկնարկը, ճեպազրոյցին յայտարարած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի քարտուղարի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթելը։

Անոր խօսքով՝ այդ կարեւոր քայլ է երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ:

«Մենք կ’ողջունենք լուրը, որուն համաձայն, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագիրը ընդունած են որպէս երկու երկիրներու սահմանազատման հիմք»,- ըսած է Փաթելը՝ վկայակոչելով ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Ապրիլ 20-ի յայտարարութիւնը:

Ապրիլ 19-ին Երեւանն ու Պաքուն յայտարարեցին, թէ «նախնական համաձայնեցուցած են» Տավուշ-Ղազախ սահմանի որոշ հատուածներ համապատասխանեցնել «Խորհրդային Միութեան փլուզման պահին դրութեամբ գոյութիւն ունեցող միջհանրապետական սահմանին»։

Ըստ այդմ, հայկական կողմը ետ պիտի քաշուի Բաղանիս-Այրում, Աշաղը Ասկիպարա, Խէյրիմլի ու Ղըզըլհաճիլի գիւղերուն ուղղութիւններով։ Տեղաչափերու յստակացումը պիտի ձեւակերպուի արձանագրութիւն-նկարագրութեամբ, ինչ որ պէտք է համաձայնեցուի ու ստորագրուի մինչեւ 2024թ. Մայիս 15, ինչէն յետոյ այդ հատուածներուն մէջ սահմանագիծը կը համարուի սահմանազատուած։

Գործընթացը առայժմ չի վերաբերիր Բերքաբերի դիմաց գտնուող հայկական տարածքներուն, որոնք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ են, եւ Ոսկեպարին յարակից միջպետական ճանապարհի հատուածին, որ դեռ կը մնայ հայկական վերահսկողութեան տակ:

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն X-ի էջով ողջունած էր 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագրի շուրջ Երեւանի եւ Պաքուի համաձայնութեան մասին յայտարարութիւնը, որպէս երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններու սահմանազատման հիմք։

Պլինքընը սա կարեւոր քայլ համարած էր կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման համար։

Պաքուի եւ Երեւանի համատեղ յայտարարութենէն չորս օր անց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին տեղադրուեցաւ առաջին սահմանային սիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment