Սթոքհոլմի շրջանային դատարանը 14 Դեկտեմբերին վճիռ կայացուցած է Շուէտի թրքական կազմակերպութիւնները համադրող կեդրոնի նախկին փոխնախագահ Պարպարոս Լէյլանիի գործի առնչութեամբ, որ Ապրիլ 9-ին Շուէտի ատրպէյճանական, թրքական եւ թուրքմէնական շարք մը համայնքային կազմակերպութիւններու կողմէ Սթոքհոլմի կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ցոյցի ժամանակ հանդէս եկած էր բացայայտ հայատեաց եւ ազգայնամոլական յայտարարութիւններով:
Դատարանը վճռած է, որ Շուէտի քրէական օրէնսգիրքի 16 յօդուածի 8 մասի 2-րդ կէտի համաձայն Լէյլանին կատարած է էթնիկ խումբի դէմ ատելութիւն սերմանող յանցագործութիւն ծանրացուցիչ հանգամանքներով: Ըստ դատարանի վճիռին՝ Լէյլանիի նկատմամբ սահմանուած է պատիժ երկու տարուայ պայմանական ազատազրկման եւ տուգանքի վճարման տեսքով:
Դատապաշտպանը առաջարկած էր սահմանափակուիլ տուգանքով` հիմնաւորելով, որ մեղադրեալը կը գտնուէր անկայուն հոգեկան վիճակի մէջ, օգտագործած է ուժեղ դեղորայք եւ ելոյթ ունեցած է առանց պատրաստուելու:
Այսպիսով դատարանը որոշեց ամբողջութեամբ բաւարարել դատախազի պահանջը եւ Լէյլանիի ազգայնամոլական եւ հայատեաց վարքագիծը որակել որպէս քրէական յանցագործութիւն:
Յիշեցնենք, որ Շուէտի մէջ Ապրիլ 9-ին Սթոքհոլմի կեդրոնական Սերգելս Թորի հրապարակին վրայ ատրպէյճանաթրքական ցոյցի ժամանակ հակահայկական արտայայտութիւններ հնչեցուցած է թուրք գործիչ Պարպարոս Լէյլանին, որ հանրահաւաքի ընթացքին օգտագործած էր «շուն հայերը պէտք է զգուշանան, մահ` հայ շուներուն» արտայայտութիւնը։