Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Ակօս» Շաբաթաթերթի Հիմնադրութեան 30ամեակի Ձեռնարկ

«Ակօս» Շաբաթաթերթի Հիմնադրութեան 30ամեակի Ձեռնարկ

by MassisPost

Պոլսահայ Միութիւնը սիրով կը հրաւիրէ համայնքի անդամները, լրագրողներն  ու  բոլոր  հետաքրքրուած  հիւրերը,  ներկայ  գտնուելու Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 30ամեակի ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Միութեան կեդրոնատեղիին մէջ՝ Կիրակի, Օգոստոս 2, 2026ին երեկոյեան ժամը 6ին։ Հասցէ՝ 19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306

«Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթը, որ տասնամեակներ շարունակ հանդիսացած է հայ համայնքի հարազատ ձայնն ու անկախ լրատուութեան դրօշակակիրը, երեք տասնամեակ շարունակ անխոնջօրէն ծառայած է որպէս ճշմարտութեան, մշակութային պահպանման եւ ազատ արտայայտութեան ամուր պատուար, հայ կեանքէն ներս ստեղծելով ուրոյն հարթակ մը։ Ակօս երկլեզու շաբաթաթերթը յաջողեցաւ կամուրջ հանդիսանալ Սփիւռքի, Հայրենիքի եւ տեղական համայնքներուն միջեւ՝ արծարծելով հանրային, քաղաքական, մշակութային եւ ազգային կարեւորագոյն հարցեր։

Ուրախ պիտի ըլլանք լսելու մեր դասախօսներուն տեսակէտները։

Ձեր ներկայութիւնը մեծապէս պիտի պատուէ մեզ։ Սիրով կը սպասենք ձեզի՝ միասին անցնելու գաղափարներով հարուստ եւ արդիւնաւէտ երեկոյ մը։

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ Մ.Օ.

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment