Իսրայէլի նախագահ Իցհակ Հերցոկ դատապարտած է Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձակումները։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբը։
«Երուսաղէմի Հայ դատի կոմիտէն կ’ողջունէ Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոկի արձագանգը մեր 2026 թուականի Օգոստոս 7-ի նամակին, որուն մէջ մենք խոր մտահոգութիւն յայտնած ենք հայ համայնքի դէմ յարձակումներուն վերաբերեալ եւ կոչ ըրած՝ ձեռնարկելու անհրաժեշտ եւ արդիւնաւէտ միջոցներ՝ համայնքի անդամներուն եւ անոնց հաստատութիւններուն պաշտպանութիւնը ապահովելու համար։
2026 թուականի Սեպտեմբեր 16-ի իր նամակին մէջ նախագահ Հերցոկ անդրադարձած է այս միջադէպերի լրջութեան եւ յայտնած նման գործողութիւններու կրկնութիւնը կանխելու իր յանձնառութեան մասին։
Ան նաեւ վերահաստատած է հայ համայնքին կարեւորութիւնը, որ սերունդներ շարունակ Երուսաղէմի կեանքին արժէքաւոր մասը կազմած է։ Իր նամակի կարեւոր հատուածին մէջ նախագահը կը նշէ.
«Կ’ուզեմ ընդգծել, որ կ’ընեմ ամէն ինչ իմ լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ՝ օգտագործելով իմ տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները՝ նման միջադէպերու կրկնութիւնը կանխելու համար։ Ես համոզուած եմ, որ այս անհատները չեն ներկայացներ Իսրայէլի իրական դէմքը, եւ անոնց գործողութիւնները չեն արտացոլեր ո՛չ մեր արժէքները, ո՛չ ալ մեր նուիրուածութիւնը հայ համայնքին, որ հին եւ սիրուած համայնք է եւ սերունդներ շարունակ բարի եւ յարգուած հարեւան եղած է Երուսաղէմի մէջ, որուն հետ Հին քաղաքի հրէական համայնքը սերտ կապեր ունի»»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

