Հոկտեմբեր 19-ին, Լոս Անճելըսի մէջ 91 տարեկանին մահացած է լրագրող, համալսարանի դասախօս եւ յայտնի հասարակական գործիչ Օշին Քէշիշեանը։
Քէշիշեան ծնած է Երուսաղէմի մէջ եւ հոն յաճախած է դպրոց մինչեւ 1948-ի արաբա-իսրայէլեան պատերազմը։ Պատերազմէն ետք իր ընտանիքը գաղթած է Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամման, ապա՝ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութ, ուր աւարտած է ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը։
Հաստատուելով Լոս Անճելըս՝ շրջանաւարտ եղած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ Պետական Համալսարանէն եւ Լա Վըրնի Համալսարանէն՝ ստանալով մարդաբանութեան եւ ամերիկեան ուսումնասիրութիւններու վկայականներ։
1959-1961 թուականներուն երկու տարի ծառայած է Միացեալ Նահանգներու բանակին մէջ՝ որպէս զինուորական բուժակ։
Հիմնած է Armenian Observer անգլերէն լեզուով շաբաթաթերթը, որուն սեփականատէրը եւ գլխաւոր խմբագիրը եղած է։ Թերթը լոյս տեսած է Քալիֆորնիոյ Հոլիվուտ քաղաքին մէջ՝ սկսեալ 1970 թուականի Դեկտեմբերէն։
Խմբագրած կամ աշխատակցած է նաեւ այլ հրատարակութիւններու, ներառեալ «Զարթօնք» եւ «Նոր Օր» թերթերուն։
Տասնամեակներ շարունակ դասաւանդած է Կլէնտէյլի Համայնքային Քոլէճին ներս՝ սկսեալ 1985 թուականէն, ինչպէս նաեւ Լա Վըրնի Համալսարանին մէջ։
Մասնակցած է Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլօ քաղաքի Հայ Նահատակներու յուշարձանի կառուցման եւ հանդիսաւոր բացման աշխատանքներուն։
1982 թուականին ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի աճիւնը ուղեկցած է Հայաստան։
2024 թուականի Նոյեմբերին, իր 90-ամեակի տօնակատարութեան շրջանին, արժանացած է «Հարիւրամեակի Լուսատու» (Centennial Luminary) կոչումին։

