«Այս հրաշքները շուտով պիտի սաւառնին Հայաստանի երկինքին մէջ»․ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Չեխիայէն այս խորագիրով տեսանիւթ մը հրապարակած է, որուն մէջ, ըստ ամենայնի, L-39NG (Skyfox) օդանաւ մըն է։
L-39NG Skyfox-ը չեխական արտադրութեան արդիական, երկտեղանի ռէաքթիւ ռազմական օդանաւ մըն է, որ նախատեսուած է նախ եւ առաջ ռազմական օդաչուներու պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ թեթեւ մարտական գործողութիւններու համար։ Զայն կ՚արտադրէ չեխական Aero Vodochody ընկերութիւնը, եւ անիկա խորհրդային ժամանակաշրջանին յայտնի L-39 Albatros ուսումնական-մարտական օդանաւի նոր սերունդն է։
Սուրէն Պապիկեան իր հրապարակած պատկերին առնչութեամբ այլ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած։ Հոկտեմբեր 20-ին ան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Չեխիա։
Հայաստան եւ Չեխիա ռազմաթեքնիքական համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրած են 2019-ին, որ ուժի մէջ մտած է 2023-ի Հոկտեմբերին։
2024-ի Ապրիլին Հայաստան այցելած էր Չեխիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ չեխական ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, թէ կողմերը ռազմաթեքնիքական համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը համաձայնութիւններ ձեռք բերած են։ Մանրամասնութիւններ չէին հրապարակուած։


