Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդին մէջ Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի ներկայացուցիչներուն պատրաստած զեկուցումը կը ներկայացնէ Հայաստանի համար հաւանական տնտեսական հետեւանքները, եթէ որոշում կայացուի ժամանակաւորապէս կասեցնելու երկրին նկատմամբ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) պայմանագրին գործադրութիւնը։
Զեկուցումին մէջ կը շեշտուի, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ Հայաստանի անդամակցութեան կասեցումը պիտի յանգեցնէ երկրին համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 15.6 տոկոսով նուազման, սղաճի 14.9 տոկոսային կէտով բարձրացման եւ սպառման 14.6 տոկոսով կրճատման։
Կը նշուի, որ այդ նաեւ պիտի յանգեցնէ Հայաստանի համար կազի գինին բարձրացման՝ հազար խորանարդ մեթրի դիմաց 177.5 տոլարէն հասնելով 300 տոլարի, այսինքն՝ 69 տոկոսով։
Կը նշուի, որ այս ցուցանիշը նախնական բնոյթ ունի, եւ շուկայի իրավիճակը նկատի ունենալով՝ իրական գինը կրնայ աւելի բարձր ըլլալ։
Բացի այդ, կը շեշտուի, որ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան կասեցումը պիտի յանգեցնէ երկրին քաղաքացիներուն համար աշխատանքային գաղթի պայմաններու խստացման։
Կը նշուի նաեւ, որ այդ քայլը պիտի յանգեցնէ մաքսային հսկողութեան եւ մաքսատուրքերու, ամբողջական սանիտարական հսկողութեան եւ ապրանքներու հարկման վերականգնման։
Ինչպէս կը նշուի զեկուցումին մէջ, ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութիւնը կասեցնելու որոշում ընդունելու պարագային, Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր տնտեսական գործունէութիւն ծաւալող կառոյցներուն եւ քաղաքացիներուն նկատմամբ պիտի դադրի 29 Մայիս 2014-ին ստորագրուած՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին պայմանագրով սահմանուած իրաւական դրութեան կիրարկումը։
Կը շեշտուի, որ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան կասեցումը պիտի յանգեցնէ ներմուծման 48.8 տոկոսով նուազման։
Կը նշուի, որ Հայաստանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ընդհանուր ծաւալը, անդամակցութեան կասեցման պարագային, պիտի նուազի 55.6 տոկոսով։
Ըստ զեկուցումին՝ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան կասեցման պարագային, Հայաստանի մէջ արտադրուած ապրանքներու արտահանումը պիտի նուազի 30-50 տոկոսով, իսկ վերաարտահանուող ապրանքներունը՝ աւելի քան 90 տոկոսով։

