ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանութենէն յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգները շուրջ 1,4 միլիոն տոլար արժողութեամբ փոխադրամիջոցներ եւ մասնագիտացուած սարքաւորումներ նուիրաբերած է ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) Սահմանապահ զօրքերուն։
Արարողութեան մասնակցած են անվտանգութեան աջակցութեան ծրագրերու մասով ԱՄՆ պետական փոխքարտուղարի տեղակալ Շոնա Ուիլսընը, ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալէնը եւ ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերու շտաբի պետ, գնդապետ Ռոման Սահակեանը։
Կը նշուի, որ նուիրատուութիւնը կատարած է ԱՄՆ Պետական քարտուղարությեան արտահանման վերահսկման եւ սահմանային անվտանգութեան (EXBS) ծրագիրը։ Այն կը ներառէ փոխադրամիջոցներ, շտապօգնութեան մեքենաներ, պաշտպանիչ սարքաւորումներ, տեխնիկական սպասարկման գործիքներ, ինչպէս նաեւ ժամանակակից տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու սարքաւորումներ Այրումի սահմանային անցակէտին համար։ Սարքաւորումները թոյլ պիտի տան մեծցնել անցակէտին թողունակութիւնը, պիտի ամրապնդեն սահմաններու կառավարման կարողութիւնները եւ պիտի նպաստեն ՀՀ սահմանապահ զօրքերու արդիականացման ընթացիկ գործընթացին։
«Նուիրատուութիւնը կ’արտացոլէ սահմանային անվտանգութեան ոլորտին մէջ հայ-ամերիկեան ամուր գործընկերութիւնը։ ԱՄՆ աջակցութիւնը պիտի օգնէ ամրապնդելու ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերուն կարողութիւնները՝ պաշտպանելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ ապահովելու մարդոց ու ապրանքներուն անվտանգ տեղաշարժը երկրի սահմաններու պահպանութեան աւելի մեծ պատասխանատուութեան ստանձնման զուգընթաց։
Սա կը ներառէ պահպանութիւնը տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան համար կարեւոր երթուղիներու երկայնքով եւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) նախագիծի շրջանակին մէջ։
Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր յանձնառութեան՝ աջակցելու պատշաճ յագեցուածութեամբ, ժամանակակից եւ արհեստավարժ սահմանապահ զօրքերու կայացման Հայաստանի մէջ եւ նպաստելու աւելի անվտանգ եւ բարեկեցիկ ապագայի կերտման Հայաստանի, տարածաշրջանին եւ Միացեալ Նահանգներուն համար»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:



