Վերջերս Երեւանի մէջ կայացաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 23-րդ Համագումարը։ Քննելէ ետք Կուսակցութեան ներքին կազմակերպչական հարցերը՝ գլխաւորաբար անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իրավիճակին ու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Համագումարի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ՍԴՀԿ գոհունակութեամբ արձանագրեց «վերջին տարիներուն հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած խաղաղութեան հաստատման, տնտեսութեան ազատականացման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման եւ այլ ուղղութիւններով առնուած քայլերը»։ Այս բանաձեւումը կու գայ ի պատասխան անոնց, որոնք հրապարակը կ՚աղմկեն Հայաստանի մօտալուտ քայքայման մասին յոռետեսական ելոյթներով, որոնք ո՛չ մէկ առնչութիւն ունին գետնի վրայ տիրող իրականութեան հետ։ Արմատական ընդդիմութիւնը, չունենալով երկրի զարգացման ու արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման իր ուրոյն ծրագիրները, լծուած է ատրպէյճանական թէզերու տարածման ու այդ միջոցով երկրին ներսը անկայունութեան տպաւորութիւն ստեղծելու աշխատանքին։
Հայրենիքը այս օրերուն ծաղկող ու զարգացող երկիր մըն է, որ դիմագրաւելով հանդերձ բազմաթիւ խնդիրներ, կը կարողանայ յաղթահարել անոնցմէ շատերը ու կ՚աշխատի մնացեալներու լուծման ուղղութեամբ։ Այս իրականութեան ականատեսը կը դառնայ իւրաքանչիւր Հայաստանի քաղաքացի ու այցելութեան եկած իւրաքանչիւր սփիւռքահայ։
Քննարկելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տեղի ունեցող զարգացումները՝ «ՍԴՀԿ վերահաստատեց իր այն մօտեցումը, որ անհրաժեշտ է հայ-թրքական յարաբերութիւնները զանազանել Հայաստան-Թուրքիա՝ պետութենէ պետութիւն յարաբերութիւններէն»։
Մեր երկիրը կը գտնուի տարածաշրջանի մը մէջ, ուր շրջապատուած է վտանգ ներկայացնող ու պատմականօրէն ոչ բարեկամ երկիրներով։ Պետութիւնը չի կրնար վարել զգացմունքային արտաքին քաղաքականութիւն։ Գերակշիռ պէտք է դառնան ազգային շահերն ու պետականութեան ամրապնդումը։
«ՍԴՀԿ-ի համար բանակցային գործընթացը բնաւ չի նշանակեր Թուրքիոյ նկատմամբ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներէն հրաժարում»։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցման հարցերը կը շարունակեն մնալ մեր օրակարգին վրայ։ Սփիւռքահայութիւնը, որպէս ցեղասպանութեան հետեւանքները կրողը ու զոհերու իրաւայաջորդը, պիտի շարունակէ մնալ պահանջատէր իր արդար իրաւունքներուն։
Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կը մնան ամէնէն կնճռոտը եւ զգայունը հայութեան համար, ուր որ ալ գտնուին անոնք։ Այս հարցով Համագումարը արձանագրեց, որ խաղաղութեան գործընթացը իր աւարտին հասցնելը կը բխի Հայաստանի ժողովուրդի շահերէն։ Սակայն վերջնական խաղաղութեան կարելի չէ հասնիլ, երբ Պաքուի բանտերուն մէջ կան արգելափակուած հայ գերիներ, կան անյայտ կորածներ, իր լրումին չէ հասած սահմանազատումը, ու Ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն ներս։
«Համագումարը դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու ինքնութեան եւ պատկանելիութեան խեղաթիւրման փորձերն ու խաղաղութեան գործընթացը խաթարող հռետորաբանութիւնը»։
Գալով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն՝ կարեւոր է զանոնք կառուցել նոր մօտեցումներով, ուր առաջնահերթ պէտք է դառնայ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումն ու հզօրացումը, իսկ փոխադարձաբար՝ «Սփիւռքի դիմագրաւած ազգային եւ ընկերային լուրջ մարտահրաւէրներուն, մանաւանդ ուծացման վտանգի տագնապի ահագնացման՝ այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ հոգատարութիւնը՝ օժանդակելու հայապահպանման յոյժ կարեւոր գործին»։
Սփիւռքը չէ եղած ու չէ այսօր միատարր կառոյց եւ հետեւաբար ո՛չ մէկ կազմակերպութիւն կամ խմբաւորում իրաւունք ունի ամբողջ Սփիւռքի անունով խօսելու։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ խզումի մասին խօսակցութիւնները անտեղի են ու կտրուած իրականութենէն։ Ընդհակառակը՝ նկատելի է, որ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ ու անհատ ձեռներէցներ կ՚իրականացնեն ընկերային, բարեսիրական ու տնտեսական ծրագիրներ, որոնք կը նպաստեն Հայրենիքի զարգացման։
Ներկայիս Հայաստան մուտք կը գործեն դրամական մեծ ներդրումներ, որոնց մէկ կարեւոր մասը կը կատարուի սփիւռքահայերու կողմէ, որոնք ո՛չ միայն մղուած են հայրենասիրութեամբ, այլ եւ այն պատճառով, որ երկիրը սկսած է գործարարներու ու ներդրողներու համար դառնալ գրաւիչ ու շահաբեր։
ՍԴՀԿ 23-րդ Համագումարին մասնակցող պատուիրակները կը վերադառնան իրենց երկիրները՝ ոգեւորուած Հայրենիքի մէջ արձանագրուող նուաճումներով ու շարունակելու համար Հնչակեան Կուսակցութեան 139-ամեայ պատմական առաքելութիւնը, որուն հիմնագիծը եղած է ու կը մնայ Հայրենիքի ու անոր պետականութեան պաշտպանութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

