Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԹՐԻՓՓ-ով Զէնք-Զինամթերք Չի Կրնար Անցնիլ․ Միրզոյեան Խօսած Է Այդ Հարցով Ատրպէյճանի Հետ Առկայ Ըմբռնումին Մասին

ԹՐԻՓՓ-ով Զէնք-Զինամթերք Չի Կրնար Անցնիլ․ Միրզոյեան Խօսած Է Այդ Հարցով Ատրպէյճանի Հետ Առկայ Ըմբռնումին Մասին

by MassisPost

ԹՐԻՓՓ-ով անխոչընդոտ անցնելու հնարաւորութիւնը չի նշանակեր, թէ որեւէ բեռ կրնայ անցնիլ Հայաստանի տարածքով․ Հայաստանը կը պահպանէ որոշ բեռներու փոխադրումը արգելելու իրաւունքը։

Այս մասին յայտնած է Հայաստանի  արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Նախարարը Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին ԹՐԻՓՓ նախագիծին վերաբերեալ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրի վաւերացման հարցի քննարկման ժամանակ անդրադարձած է պատգամաւորներէն մէկուն հարցումին՝ կրնա՞յ ըլլալ այնպիսի բեռ, որուն մուտքը Հայաստանի տարածք հայկական կողմը չթոյլատրէ։

«Բնականաբար, կարող է։ Մեր եւ Ատրպէյճանի միջեւ էլ կայ ըմբռնում այդ մասին, որ արգելուած բեռը, օրինակ՝ զէնք-զինամթերք, չի կարող անցնել»,– նշած է նախարարը՝ ընդգծելով, որ արգիլուած բեռներու ցանկերը յայտնի են բազմաթիւ երկիրներու։

Նախարարը պարզաբանած է, որ անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն ըսելով՝ նկատի կ’առնուին արհեստական, սովորաբար քաղաքական դրդապատճառներով ստեղծուող խոչընդոտներու վերացումը։

«Մաքսային, սահմանային իրաւասութիւնների, օրէնսդրութեան շրջանակներում արուող այդ բոլոր տրամաբանական գործողութիւնները խոչընդոտ չեն»,– շեշտած է Միրզոյեան։

ԹՐԻՓՓ-ը հայ-ամերիկեան ներդրումային նախագիծ է, որով պէտք է ապահովուի Ատրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխոչընդոտ կապ՝ Հայաստանի տարածքով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment