Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Յանձնաժողովը Հաւանութիւն Տուաւ TRIPP-ի Համաձայնագրի Վաւերացման

ԱԺ Յանձնաժողովը Հաւանութիւն Տուաւ TRIPP-ի Համաձայնագրի Վաւերացման

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը Հոկտեմբեր 21-ին դրական եզրակացութիւն տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծին (TRIPP) վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքի նախագծին:

Հարցը պիտի քննարկուի յաջորդ շաբաթ մեկնարկող Ազգային Ժողովի հերթական լիագումար նիստին:

Հայաստանի կառավարութիւնը Յուլիս 16-ի նիստին հաստատած է «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) նախագիծին վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրը՝ մեկնարկելով անոր վաւերացման գործընթացը։

Յաջորդ փուլով նախագիծը ուղարկուած էր Սահմանադրական դատարան։ ՍԴ-ն որոշած է, որ համաձայնագիրը չի հակասեր Սահմանադրութեան։

Ըստ ընթացակարգին, այժմ նախագիծը պիտի ուղարկուի Ազգային ժողով՝ վաւերացուելու։

Յունիս 1-ին Ուաշինկթընի մէջ եւ Յունիսի 4-ին Երեւանի մէջ ստորագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն միջեւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագծի (TRIPP) վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment