Գլխաւոր դատախազութիւնը կը պահանջէ Գագիկ Ծառուկեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէ բռնագանձել 75 անշարժ գոյք, 10 գոյքի շուկայական արժէք, 42 փոխադրամիջոց, 38 ընկերութեան մէջ մասնակցութիւն եւ շուրջ 105,8 միլիառ դրամ:
Գագիկ Ծառուկեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէ Գլխաւոր դատախազութիւնը կը պահանջէ բռնագանձել՝
75 անշարժ գոյք, որ ի թիւս այլնի կը ներառէ 52 բնակարան Նոր Նորք թաղամասին մէջ, 5 բնակարան Աբովեան փողոցին մէջ, 11 բնակարան Կոտայքի մարզին մէջ եւ այլ անշարժ գոյքեր:
10 գոյքի շուկայական արժէք:
42 փոխադրամիջոց:
38 ընկերութեան մէջ մասնակցութիւն, որոնց շարքին են «Մուլտի Գրուպ Կոնցեռն», «Մուլտի Ավտոտրանս», «Օնիրա քլաբ» եւ այլ ընկերութիւններ:
Հայցուող դրամական պահանջը կը կազմէ 105,8 միլիառ դրամ:
Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան պետ Կորիւն Սերոբեան յիշեցուցած է Դատախազութեան բաւարարուած միջնորդութեան մասին, համաձայն որուն՝ որպէս հայցի ապահովման միջոց՝ «Արարատցեմենտ» ընկերութեան կառավարումը յանձնուած է պետութեան:
Յուլիս 6-ին իրաւապահները խուզարկութիւններ իրականացուցած էին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի առանձնատան մէջ եւ անոր պատկանող շարք մը ձեռնարկութիւններու մէջ, ինչէն յետոյ Ծառուկեանը կալանաւորուած է։ Կապարակնքուած են անոր պատկանող շարք մը ձեռնարկութիւններ։

