Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կը Վերականգնուի Աքյաքա-Կիւմրի Երկաթուղային Ճանապարհը

Կը Վերականգնուի Աքյաքա-Կիւմրի Երկաթուղային Ճանապարհը

by MassisPost

Աքյաքա-Կիւմրի երկաթուղային ճանապարհի ենթակառուցուածքներու վերականգնման համար այժմ շինարարութիւն կ’ընթանայ, որ պիտի աւարտի 2-3 ամիսէն։ Ենթակառուցուածքները վերականգնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կ’ընթանան, յայտարարուած են շինարարութեան հրապարակային մրցոյթներ։ Այս մասին յայտնած է Աքյաքայի քաղաքապետ Էրտուկեր Թօփթաշ:

Թօփթաշի խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումէն յետոյ կ’ակնկալեն, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման հետ կապուած որեւէ խնդիր պիտի չըլլայ։

Թօփթաշ տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ նախագահին յանձնարարականով եւ Փոխադրութեան նախարարութեան համակարգմամբ արդէն իսկ աշխատանքներ սկսած են սահմանային անցակէտերը, երկաթուղային ենթակառուցուածքները սահմանի բացման նախապատրաստելու համար։

«Շինարարութիւնը սկսած է, աշխատանքները ընթացքի մէջ են»,- նշած է Աքյաքայի քաղաքապետը՝ եւս մէկ անգամ շեշտելով, որ սկսած շինարարական աշխատանքները Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման նախապատրաստութիւնն են:

Արդէն իսկ մրցոյթ յայտարարուած է նաեւ Աքյաքայէն դէպի Կիւմրի ցամաքային ճանապարհի կառուցման ուղղութեամբ։

«Աքյաքայէն դէպի Կիւմրի ցամաքային ճանապարհի մրցոյթը արդէն յայտարարուած է, եւ կ’ակնկալենք, որ աշխատանքները այնտեղ նոյնպէս պիտի սկսին: Եւ սա մեր կառավարութիւններու քաղաքականութեան մէկ մասն է՝ բարիդրացիական, բարեկամական յարաբերութիւնները խթանելու համար»,- ըսաւ Էրտուկեր Թօփթաշ:

Աքյաքայի քաղաքապետը այն կարծիքին է, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումէն տնտեսապէս պիտի շահին երկու երկիրներն ալ։ Անոր խօսքով՝ գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան լայն հնարաւորութիւններ կան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment