Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուի եւ Անգարայի Խորացող Տարակարծութիւնները

Պաքուի եւ Անգարայի Խորացող Տարակարծութիւնները

by MassisPost

Վերջին օրերուն համացանցը ողողուած էր Ատրպէյճանն ու անոր ղեկավար Իլհամ Ալիեւը դատապարտող գրառումներով, ինչպէս նաեւ գլխաշոր կրող աղջիկները դասարաններէն հեռացնելու տեսարաններով։ Իսլամական աշխարհի հանրային կարծիքը խիստ վրդոված է, յատկապէս դպրոցներուն մէջ աշակերտուհիներուն եւ ուսուցչուհիներուն հիճապ կրելու սահմանափակումներուն եւ Իսրայէլի հետ Պաքուի սերտացող յարաբերութիւններուն պատճառով։ Շատեր հարց կու տան, թէ ինչպէ՞ս կարելի է 97 տոկոսով իսլամական բնակչութիւն ունեցող երկրի մը մէջ նման արգելք մը կը սահմանուի, երբ քրիստոնեայ աշխարհի երկիրներուն մէջ հիճապի նկատմամբ աւելի մեծ հանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերուի։ Ոմանք նոյնիսկ այն կարծիքը կը յայտնեն, որ Պաքուն Իսրայէլի ցուցմունքներով է, որ կը դիմէ այս քայլին։

Ընկերային ցանցերուն վրայ սկսան տարածուիլ նաեւ տեղեկութիւններ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն կողմէ ամբողջ երկիրը իրենց անձնական կալուածին վերածելու եւ երկրի հարստութիւնը իւրացնելու մասին։

Հիճապի մասին որոշումը կը յաջորդէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի ընթացքին նոյն հարցին շուրջ հնչեցուցած քննադատութիւններուն։ Էրտողան նշած էր, որ մահմետական կիներուն եւ աղջիկներուն գլխաշոր կրելու նկատմամբ սահմանափակումները կրօնական ազատութեան եւ կանանց իրաւունքներուն վերաբերող խնդիրներ են։ Թուրքիոյ նախագահը, սակայն, խուսափած էր ուղղակիօրէն յիշատակելէ Ատրպէյճանի անունը։

Լարուածութեան պատճառ դարձաւ նաեւ այն երեւոյթը, որ ՄԱԿ-ի ժողովի ընթացքին Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը չմիացաւ Իսրայէլի վարչապետի ելոյթը պոյքոթող 77 այլ երկիրներուն, որոնք դուրս եկան դահլիճէն, երբ Նաթանեահուն բարձրացաւ ամպիոն՝ արտասանելու համար իր ճառը։

Այս իրադարձութիւններէն ետք Թուրքիոյ կարգ մը քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր։ Այս առիթով Ատրպէյճանի իշխող «Ենի Ատրպէյճան» կուսակցութիւնը հանդէս եկաւ բաւական կոշտ յայտարարութեամբ՝ թրքական իշխանութիւններուն մօտ նկատուող լրատուամիջոցները մեղադրելով «կեղծ եւ զրպարտչական» լուրեր տարածելու մէջ, միաժամանակ շեշտելով, որ «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսը չի նշանակեր իրարու ներքին գործերուն միջամտելու իրաւունք։

Խնդրայարոյց դարձաւ նաեւ անցեալ շաբաթ Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոկի ժամանումը Պաքու՝ ասիական երկիրներու մէկ գագաթաժողովին մասնակցելու նպատակով։ Թրքական պաշտօնական շրջանակները զարմանք յայտնեցին այս այցելութեան կապակցութեամբ՝ բողոքելով, որ իսրայէլական կառավարական օդանաւերուն թոյլ չէ տրուած անցնելու Թուրքիոյ օդային տարածքով։ Ի պատասխան՝ Պաքուն յայտարարեց, որ նախագահ Հերցոկ Ատրպէյճան հասած էր քաղաքացիական սովորական թռիչքով։

Հարցը աւելի լրջացաւ, երբ նոյն ժողովին մասնակցելու նպատակով Պաքու ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը ատրպէյճանական լրատուական կայքերէն մէկուն կողմէ մեղադրուեցաւ գաղտնի հանդիպումներ ունենալու եւ Ալիեւի դէմ յեղաշրջում հրահրելու փորձեր կատարելու մէջ։

Չբաւարարուելով փոխադարձ մեղադրանքներով՝ ատրպէյճանական իրաւապահ մարմինները դատական հետապնդումներու եւ ձերբակալութեան որոշումներու ձեռնարկեցին շարք մը թրքահպատակներու դէմ՝ մեղադրելով զանոնք «կառավարութիւնը բռնի կերպով տապալելու կոչեր ընելու եւ կրօնական ատելութիւն հրահրելու» մէջ։

Միւս կողմէ, վերջին շրջանին Իլհամ Ալիեւի մեծամտութիւնը սկսած է նոր դրսեւորումներ ստանալ։ Ան կ՚ուզէ վերաշարադրել նաեւ մօտ անցեալի պատմութիւնը՝ յայտարարելով, թէ պատերազմի ընթացքին «ոչ ոք մեզի չօգնեց»։ Այս յայտարարութիւնը կը հակասէ այն իրողութեան, որ Ալիեւ պատերազմէն ետք բազմաթիւ առիթներով շնորհակալութիւն յայտնած էր նախագահ Էրտողանին՝ պատերազմի ընթացքին ցուցաբերած աջակցութեան համար։

Թրքական ռազմական հարցերու մասնագէտները բազմաթիւ օրինակներով ներկայացուցած են այն բոլոր տեսակի ռազմական աջակցութիւնները, զորս Անգարան տրամադրած էր պատերազմի ծրագիրները մշակելու նախապատրաստական փուլին եւ բուն պատերազմի օրերուն։ Թուրքիոյ աջակցութեան կողքին, Հայաստանի դէմ պատերազմողներուն շարքին էին նաեւ Փաքիստանը ու օտար վարձկան զինեալները։ Նաեւ Իսրայէլն ու Ռուսաստանը, որոնք առանց գործածութեան համար նախապայմաններ դնելու՝ արդիական զէնքեր մատակարարեցին Ատրպէյճանին։

Պաքուէն հնչող մեղադրանքներուն դիմաց թրքական կողմը շատ աւելի զուսպ է, որպէսզի չսրէ յարաբերութիւնները իր փոքր դաշնակիցին հետ։ Սակայն կասկածէ վեր է, որ Անգարան անպայման պիտի պատասխանէ իրեն ուղղուած անարգանքներուն։ Այդ կրնայ գալ նաեւ Հայաստանի հետ սահմանի բացման եղանակով։

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment