Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները կը բոլորեն բարդ ու լարուած ժամանակաշրջան մը։ Նախկին երկու դաշնակից երկիրները խոր տարակարծութիւններ ունին անցեալը վերարժեւորելու եւ ապագայ կապերը զարգացնելու ուղղութեամբ։
44-օրեայ պատերազմը եւ անոր յաջորդող իրադարձութիւնները, յատկապէս 2022 թուականին ատրպէյճանական զօրքերու Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժման ընթացքին ռուսական կողմին անտարբեր մօտեցումը, ապա՝ իրեն վստահուած Արցախահայութիւնը անպաշտպան ձգելու փաստը, հայութեան մօտ յառաջացուցին հիասթափութիւն մը, որ դժուար է յաղթահարել մօտ ապագային։
Երեւան կը փորձէ յետագայ յարաբերութիւններուն նոր որակ տալ, որուն հիմքը պէտք է հանդիսանան Հայաստանի ազգային ու պետական շահերը։ Մոսկուայի մօտեցումը, սակայն, այն է, թէ պէտք է վերականգնել նախկին կապերը եւ մնալ հաւատարիմ դաշնակիցներ ու գործընկերներ բոլոր բնագաւառներէն ներս՝ տնտեսական, քաղաքական, ռազմական եւ այլ ոլորտներու մէջ։
Ռուսաստանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները կը շարունակեն հանդէս գալ Հայաստանի վարած՝ եւրոպական երկիրներու հետ մերձեցման ուղղուած արտաքին քաղաքականութեան դէմ, մերթ զգուշացնելով եւ մերթ սպառնալով։ Այս վերջիններու շարքին էր Ռուսաստանի նախկին նախագահ եւ այժմ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւի այն յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանը կրնայ վերածուիլ «նոր Ուքրանիոյ»։
«ՀՀ ներկայիս ղեկավարութիւնը որոշած է փոխել իր զարգացման ուղղութիւնը։ Վստահ եմ, որ ատիկա որեւէ լաւ բանի պիտի չյանգեցնէ։ Ամենավատ բանը, որ կրնայ պատահիլ Հայաստանի հետ, անոր վերափոխումն է նոր Ուքրանիոյ», ըսած է ան։
Ուքրանիոյ պատերազմէն ի վեր Մետվետեւին վստահուած է Արեւմուտքի հասցէին ամենածայրայեղ յայտարարութիւնները կատարելու պարտականութիւնը։ Ան մէկէ աւելի անգամներ սպառնացած է դիմել միջուկային զէնքի օգտագործման՝ պատերազմին վերջ տալու համար։ Հետեւաբար, Հայաստանին ուղղուած իր վերջին խօսքերուն պէտք է նայիլ այդ ծիրին մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անհասկնալի նկատեց Մետվետեւի խօսքերը՝ աւելցնելով, որ «Հայաստան արդէն եղած է նման վտանգի առջեւ եւ նման իրավիճակի մէջ, երբ ՀԱՊԿ-ը իր պարտականութիւնները Հայաստանի առջեւ չկատարեց։ Ինչո՞ւ կ’ընէ պարոն Մետվետեւը նման յարտայայտութիւն։ Կարող է նաեւ հնչել այսպիսի յայտարարութիւն, որ Հայաստանը յանկարծ չվերածուի նոր Ռուսաստանի, որովհետեւ Ռուսաստանի ամենատարբեր վայրերու մէջ պայթիւններ կը հնչեն։ Ասիկա լաւ ժանր չէ»։
Հակառակ Քրեմլինէն հնչող մեղադրանքներուն՝ Երեւան կը փորձէ Ռուսաստանի հետ իր յարաբերութիւնները խզումի չհասցնել՝ ջանալով գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները լուծել՝ առաջնորդուելով փոխադարձ յարգանքի սկզբունքով։
Այդ ջանքերուն շնորհիւ, խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, որոշ ժամանակով ընդհատուած երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ շփումները վերականգնուած են։ Վարչապետ Փաշինեանն ու նախագահ Փութինը, մասնակցելով միջազգային գագաթաժողովներու, ունեցան քանի մը երկկողմանի հանդիպումներ եւ հեռաձայնային զրոյցներ՝ առկայ խնդիրներուն շուրջ համաձայնութեան եզրեր գտնելու նպատակով։
Մինչեւ վերջերս Փաշինեան կը յայտարարէր, որ Հայաստան պէտք ունի փոքր հզօրութեամբ միջուկային կայաններու, որոնք կրնան կառուցուիլ ամերիկեան ընկերութիւններու կողմէ։ Սակայն այժմ ան փոխած է իր միտքը եւ կը կարծէ, որ աւելի նպատակայարմար է հսկայ աթոմակայանի կառուցումը՝ չբացառելով, որ այդ ծրագիրը վստահուի ռուսական կողմին։ Այսպիսով, Երեւան կ’ուզէ ցոյց տալ, որ կաշկանդուած չէ եւ պատրաստ է շարունակելու Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւնը։
Այժմ կը մնայ լուծում գտնել քանի մը առկախ հարցերու, որոնցմէ գլխաւորը հայկական երկաթուղային ցանցի կառավարման պարագան է։ Երեւան կը խորհի, որ այդ կառավարումը ռուսական ընկերութենէն պէտք է փոխանցուի այլ երկրի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ հայկական երկաթուղիները միացնել տարածաշրջանային հանգոյցներուն։ Հակառակ պարագային, Հայաստան կրնայ դուրս մնալ նոր ծրագիրներէն՝ ռուսական ընկերութիւններուն նկատմամբ հաստատուած պատժամիջոցներուն պատճառով։ Ռուսական կողմը կտրուկ կը մերժէ այդ առաջարկը։ Արդեօք Երեւան, աթոմակայանի կառուցումը ռուսական ընկերութիւններուն վստահելու հարցը հրապարակ նետելով, կը փորձէ մեղմե՞լ անոր դիրքորոշումը երկաթուղիներու կառավարման հարցին մէջ։ Պատասխանը կրնայ յայտնի դառնալ յառաջիկային։
Դեկտեմբերին կը սպասուին նաեւ կազի մատակարարման շուրջ բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին ռուսական կողմը կրնայ պահանջել գինի բարձրացում՝ առարկելով, որ Հայաստան ներկայիս կը գնէ զեղչուած գնով՝ որպէս Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ երկիր։ Սակայն, եթէ Հայաստան ընտրած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղին, ապա պէտք է վճարէ միջազգային սակագին, որ քանի մը անգամ աւելի բարձր է։
Վերջերս Ռուսաստան հանդէս եկաւ նոր ծրագիրով մը՝ զայն կոչելով «Փութինի ուղի»։ Ծրագիրին նպատակն է ճանապարհներու եւ երկաթուղիներու կառուցման միջոցով իրար կապել Ռուսաստանը, Վրաստանը եւ Հայաստանը՝ Աբխազիոյ տարածքով։ Այս ծրագիրը կը նկատուի աշխարհաքաղաքական պատասխան մը Հայաստանէն անցնող «Թրամփի ուղի» ծրագիրին, որ արդէն սկսած է գործնականի վերածուիլ։
Այսպիսով, Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն կը սպասեն նոր փորձութիւններ ու մարտահրաւէրներ, որոնք պէտք է յաղթահարուին սառնասրտութեամբ։ Հայաստան ամէն քայլափոխի ցոյց կու տայ, որ բաց է անկեղծ ու կառուցողական երկխօսութեան։ Կը մնայ, որ նոյն մօտեցումը ցուցաբերէ նաեւ ռուսական կողմը։
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

