Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Forbidden Homeland Գիրքի Ներկայացում Հայկական Ճեմարանի Մէջ

Forbidden Homeland Գիրքի Ներկայացում Հայկական Ճեմարանի Մէջ

by MassisPost

16 Ապրիլ, 2024, Երեքշաբթի օր դեղագործ, Forbidden Homeland- Story of a Diasporan նորատիպ գիրքի հեղինակ Քաթիա Գարակէօզեանը իր գիրքը եւ իր ընտանիքի վերապրումի պատմութիւնը ներկայացուց Փասատենա քաղաքի Պլէր դպրոցի (Blair middle & high school) հայկական ճեմարանի աշակերտներուն:

Դպրոցի գրադարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը սկսաւ գիրքի հեղինակութեան եւ տպագրութեան վերաբերող հետաքրքրական դրուագներու ներկայացումով: Տիկին Ք. Գարակէօզեանը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս իր համալսարանի տարիներուն պատահած անակնկալ հանդիպումները եւ խաչաձեւումները պատճառ եղած էին, թէ ինքը որոնէ իր ընտանիքի պատմական եւ աշխարհագրական արմատները, եւ ապա ձեռնարկէ իր անդրանիկ գիրքը հեղինակութեանը:

Forbidden Homeland գիրքը թէ՛ պատմական է եւ թէ՝ յուշագրական: Անոր մեջ մանրակրկիտօրէն եւ երանելիօրէն յիշուած են Արեւմտեան Հայաստանի քանի մը քաղաքներ, երեւելի եւ հեղինակաւոր անձեր, դպրոցներ, որբանոցներ, ինչպէս նաեւ Հալէպը եւ Պէյրութը՝ որպէս հիւրասէր գաղթօճախներ: Պատկերազարդ գիրքը ընթերցողին կը կ’առաջնորդէ արկածախնդրալից եւ պատկերաւոր այդ ժամանակաշրջանի լիբանանահայութեան պատմութեանը՝ ականատեսի սահուն լեզուով մը: Հեղինակը աշակերտներուն բացատրեց նաեւ, թէ որքա՛ն կարեւոր է կազմել ընտանեկան տոհմածառը, ապա ծանօթ ըլլալ նախնիներու բնակավայրերուն, հաւաքել եւ կարդալ ընտանեկան նամակները, բացիկները, պահպանել լուսանկարները, ինչպէս նաեւ՝ ընտանիքի երէցներէն լսել եւ արձանագրել բանաւոր պատմութիւններ, կատարել հետազօտութիւններ հայ ազգի եւ ընտանիքի անցեալի վերաբերեալ:

Հիւր հեղինակը լուսանկարներու ցուցադրութեան միջոցով եւ իր խօսելու ջերմ, անմիջական ոճով գիրքի մէջ յիշուած դրուագները աշակերտներուն պատմեց, պատանիներու մէջ ալ արթնցնելով ընտանեկան պատմութիւնները որոնելու, բացայայտելու եւ արձանագրելու փափաքը:

Հանդիպումը աւարտեցաւ հարցում-պատասխաններով եւ գիրքի մակագրութեամբ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment