Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ըստ Մոսկուայի՝ Ռուսաստանն Ու Հայաստանը Կը Մնան Եղբայրական Երկիրներ

Ըստ Մոսկուայի՝ Ռուսաստանն Ու Հայաստանը Կը Մնան Եղբայրական Երկիրներ

by MassisPost

Չնայած այսօր յարաբերութիւններուն մէջ առկայ դժուարութիւններուն՝ Ռուսաստանն ու Հայաստանը կը մնան եղբայրական երկիրներ, aif.ru-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

Ան ընդգծած է, թէ Հայաստանը Ռուսաստանի համար «նոյնիսկ աւելին է, քան եղբայրական երկիր ըլլալը, թէեւ երկու երկիրներն ալ այժմ կ’ապրին յարաբերութիւններու բաւականին բարդ շրջան»։

«Այստեղ աւելի շատ հայեր կ’ապրին, քան բուն Հայաստանի մէջ։ Այս հայերուն տնտեսական աշխուժութիւնը դեռ կ’ապահովէ Հայաստանի ընդհանուր պիւտճէին շատ մեծ տոկոսը՝ տարեկան մինչեւ քանի մը միլիառ տոլար», ըսած է Փեսքով՝ շարունակելով․ «Յոյսով ենք՝ Երեւանը քաղաքական կամք կը դրսեւորէ՝ շարունակելու յարաբերութիւններու զարգացումը, եւ մենք յաջողութեամբ կ’անցընենք այս դժուարին շրջանը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment