Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խուզարկութիւններ «Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռ» Կազմակերպութեան Գրասենեակ Ծառայող Տարածքին Մէջ

Խուզարկութիւններ «Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռ» Կազմակերպութեան Գրասենեակ Ծառայող Տարածքին Մէջ

by MassisPost

ՀՀ Քննչական Կոմիտէն նոր մանրամասնութիւններ յայտնած է Ներքին գործերու նախարարութեան ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժանմունքին մէջ օրերս ահաբեկչութիւն իրականացնելու փորձի գործէն:

Կը նշուի, որ սեղմ ժամանակահատուածի մէջ կատարուած են հսկայածաւալ քննչական եւ այլ վարութային գործողութիւններ, այդ շարքին՝ հարցաքննուած են մէկ տասնեակէ աւելի անձեր։

Դատարաններու թոյլտուութեամբ, ԱԱԾ-ի եւ ՀՀ ոստիկանութեան օժանդակութեամբ նշուած անձերու եւ անոնց հետ առնչութիւն ունեցող շարք մը այլ անձերու բնակութեան վայրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ որպէս «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ» կազմակերպութեան գրասենեակ ծառայող տարածքին մէջ կատարուած է 23 խուզարկութիւն։

Կատարուած խուզարկութիւններու բերումով յայտնաբերուած եւ վերցուած են հետաքրքրութիւն ներկայացնող փաստաթուղթեր եւ առարկաներ, այդ շարքին՝ զէնք, զինամթերք, ծրագրեր, յատակագիծեր, թմրամիջոցի նմանող զանգուածներ եւ այլն: Մասնաւորապէս նշուած կազմակերպութեան գրասենեակ հանդիսացող տարածքէն յայտնաբերուած են երկու մարտական նռնակ եւ քննութեան համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ փաստաթուղթեր ու առարկաներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment