Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Արձագանգած Է Երեւանի Հետ Ուաշինկթընի Յարաբերութիւններու Հեռանկարներուն Մասին «RAND»-ի Հրապարակման

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Արձագանգած Է Երեւանի Հետ Ուաշինկթընի Յարաբերութիւններու Հեռանկարներուն Մասին «RAND»-ի Հրապարակման

by MassisPost

Օրերս ամերիկեան հեղինակաւոր «RAND» ընկերակցութիւնը իր կայքին մէջ հրապարակեց Ճօ Հապըրմանի ու Փօլ Քողմարիի հեղինակած «ԱՄՆ-ն չի կրնար երաշխաւորել Հայաստանի անվտանգութիւնը՝ չնայած Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն, բայց կրնայ օգնել» վերլուծութիւնը: ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը արձագանգած է հրապարակման։

Պատասխանելով «RAND»-ի հրապարակման մէջ տեղ գտած դրոյթներու մասին «Ամերիկայի Ձայնի» հարցումին՝ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը յայտնած է.

«Միացեալ Նահանգները կ’աջակցի Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներու շարունակական ժողովրդավարական զարգացման, ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։ Այն ամբողջ տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքն է, եւ այդ նպատակով է, որ կ’ընդլայնենք (մեր) ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի հետ լայն շրջանակով յարաբերութիւններուն մէջ»:

Ամերիկեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը ողջունած է «որեւէ բարեխիղճ ներգրաւուածութիւն, որ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կը բերէ Հարաւային Կովկասի ազգերուն»՝ յաւելելով.

«Ականատես եղած ենք Ռուսաստանի շարունակուող, աւերիչ յարձակման Ուքրանիոյ դէմ, Վրաստանի ինքնիշխան տարածքի շարունակական բռնազաւթման եւ տարածաշրջանին ու ամբողջ աշխարհին մէջ ապակայունացնող գործողութիւններուն: Ուստի, չենք կրնար Ռուսաստանը դիտարկել որպէս վստահելի կամ բարեխիղճ դաշնակից կամ գործընկեր Հարաւային Կովկասի մէջ կամ այլուր»:

Անդրադառնալով նաեւ Իրանին՝ Պետական Քարտուղարութիւնը ընդգծած է.

«Մենք հետեւողականորէն խրախուսած ենք այս տարածաշրջանի (Հարաւային Կովկասի) երկիրները համապարփակ գնահատել Իրանի մտադրութիւնները եւ զգուշութեամբ շարունակել իրանեան վարչակարգին հետ կապուած բոլոր գործարքները»:

Յիշեցնենք՝ օրերս ամերիկեան հեղինակաւոր «RAND» ընկերակցութիւնը իր կայքին մէջ հրապարակած էր Ճօ Հապըրմանի ու Փօլ Քողմարիի հեղինակած «ԱՄՆ-ն չի կրնար երաշխաւորել Հայաստանի անվտանգութիւնը՝ չնայած Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն, բայց կրնայ օգնել» վերլուծութիւնը:

Վերլուծաբաններու պնդմամբ՝ Միացեալ Նահանգները պէտք է աւելի զգոյշ ռազմավարութիւն վարէ՝ թէ՛ իր, թէ՛ Հայաստանի շահերէն ելլելով։ Այն պէտք է Հայաստանին ապահովէ ինքզզինք պաշտպանելու միջոցներով՝ միաժամանակ յստակ ակնկալիքներ դնելով իր պարտաւորութիւններու սահմաններուն վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment