Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Մարտական Եղբայրութեան» Ձերբակալուած 49 Անդամները Ազատ Արձակուած Են

«Մարտական Եղբայրութեան» Ձերբակալուած 49 Անդամները Ազատ Արձակուած Են

by MassisPost

Դէպի Վերին Ոսկեպար ճանապարհ բռնած «Մարտական Եղբայրութեան» ձերբակալուած 49 անդամները, որոնց ոստիկանութիւնը նախօրէին բաժիններ տարած էր զէնք-զինամթերք կրելու կասկածանքով, ազատ արձակուած են։ Ոստիկանութենէն «Ազատութեան» փոխանցեցին՝ ոեւէ մէկուն մօտ զէնք չէ յայտնաբերուած։

Ձերբակալուածներէն մէկն ալ ՀԱԿ նախկին անդամ, «Մարտական Եղբայրութիւն» միաբանութեան ղեկավար, հրապարակախօս Հրանդ Տէր Աբրահամեանն է, որուն կարծիքով՝ իշխանութեան նպատակը մէկն էր՝ թոյլ չտալ Երեւանէն հասնիլ Տավուշ։ Մինչեւ ձերբակալութիւնները իրաւապահները յորդորած էին ձեռնպահ մնալ մարտավարական պարապմունքներու նպատակով Վերին Ոսկեպար մեկնելէ։

«Մարտական Եղբայրութիւն»-ը կը պնդէ՝ նոր զիջումներու պատրաստուող իշխանութիւնները կը փորձեն հիմա ալ հեռացնել բոլոր անոնք, որոնք կը կանգնին իրենց ճանապարհին։ Տէր Աբրահամեանի խօսքով՝ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ստեղծուած կազմակերպութիւնը, սակայն, առաջին, անգամ չէր մարտավարական պարապմունքներու կ’երթայ Տավուշ։ Կ’ըսէ՝ մէկ տարիէ արդէն յստակ պայմանաւորուածութիւն ունին տեղի իշխանութիւններուն հետ։

Հնչող կարծիքներուն, որ գուցէ առանձին կազմակերպութիւններու մարտավարական պարապմունքները կրնան որպէս սադրանք ընկալուիլ Ատրպէյճանի կողմէ, «Մարտական Եղբայրութիւն» միաբանութեան ղեկավարը կը հակադարձէ. «Դա անհեթեթ է, Հրանդի Ոսկեպար գնալուց Ատրպէյճանը կռիւ չի սկսելու: Ատրպէյճանն ու Ռուսաստանը սպասում են յարմար միջազգային իրավիճակի ոչ թէ Ոսկեպարի ուղղութեամբ, այլ որեւէ ուղղութեամբ: Էն կռիւը, որ իրենք չեն էլ աւարտել Հայաստանի դէմ, էս էլ է շատ կարեւոր, անընդհատ ասում են՝ պատերազմ կը սկսուի, ոչ մի վայրկեան Հայաստանի դէմ պատերազմը չի աւարտուել՝ ոչ քարոզչական, ոչ տեղեկատուական, ոչ էլ ռազմական»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment