Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մեղադրանք Ներկայացուած Է Նարեկ Սամսոնեանին Եւ Վազգէն Սաղաթէլեանին

Մեղադրանք Ներկայացուած Է Նարեկ Սամսոնեանին Եւ Վազգէն Սաղաթէլեանին

by MassisPost

Ձերբակալուել են «Քաղաքացիական Գիտակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Նարեկ Սամսոնեանը եւ «Իմնեմնիմի» փոտքասթի հաղորդավար Վազգէն Սաղաթէլեանը: ՀՀ Քննչական Կոմիտէն մանրամասնութիւններ յայտնած է  ձերբակալման վերաբերեալ:

Ըստ այդմ՝ 2024թ. Մարտ 20-ին համացանցային «Youtube.com» կայքին մէջ ուղիղ հեռարձակուող «Ի…»-ի 83-րդ հաղորդման ընթացքին, տուեալ հաղորդման վարողները, անդրադառնալով նոյն օրը ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ ՀՀ վարչապետի ելոյթներուն, հայհոյանքներ եւ անպարկեշտ արտայայտութիւններ հնչեցուցած են ՀՀ կառավորութեան անդամներու եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու հասցէին։
նշուած հաղորդման ընթացքին հանդիսանալով տուեալ հաղորդման վարողներ, գիտակցելով բազմահազարանոց լսարանի առկայութիւնը, ուղղակի դիտաւորութեամբ կատարած են խուլիկանութիւն, այն է՝ հասարակութեան նկատմամբ անյարգալից եւ բարոյական կանոններու նկատմամբ բացայայտ արհամարհական վերաբերմունք դրսեւորելով, հայհոյանքներ եւ անպարկեշտ արտայայտութիւններ հնչեցուցած են ՀՀ կառավարութեան անդամներու եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու հասցէին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment