Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՆԳՆ-ն Մանրամասնութիւններ Յայտնած Է Նոր Նորքի Բաժանմունք Զինուած Յարձակման Դէպքին Առնչութեամբ

ՆԳՆ-ն Մանրամասնութիւններ Յայտնած Է Նոր Նորքի Բաժանմունք Զինուած Յարձակման Դէպքին Առնչութեամբ

by MassisPost

Մարտ 24-ին՝ ժամը 17։00-ի սահմաններուն, նռնակներով զինուած 3 անձ մօտեցած են Ներքին գործերու նախարարութեան ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժնի հերթապահ մասի բաց պատուհանին, սպառնացած են ձեռքի նռնակներով պայթեցնել հերթապահ մասը։

Ոստիկանութեան ծառայողը փակած է հերթապահ մասին պատուհանը, ինչէն յետոյ սպառնալիքներ հնչեցնող անձը իր ձեռքի նռնակներէն մէկը նետած է, որուն հետեւանքով այն պայթած է ոստիկանութեան բաժնի վարչական շէնքի հերթապահ մասի մուտքի դռան դիմաց՝ իրական վտանգ ստեղծելով ոստիկանութեան ծառայողներու կեանքին եւ առողջութեան համար։ Պայթումին հետեւանքով նշուած անձերէն երկուքը ոտքերէն ստացած են վնասուածքներ եւ տեղափոխուած բժշկական կեդրոն։

Երրորդ անձը՝ նռնակները ձեռքին պահած, շարունակած է սպառնալ, որ կը պայթեցնէ շէնքը։

Դէպքի վայր ժամանած են ՆԳՆ ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժանումներու ծառայողներ՝ ոստիկանութեան պետ-ներքին գործերու նախարարի տեղակալ, ոստիկանութեան զօրավար-մայոր Արամ Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ, իրաւապահ այլ կառոյցներու ծառայողներ։
Սկսած են բանակցութիւններ՝ նռնակները յանձնելու ուղղութեամբ եւ որոշ ժամանակ անց նռնակներով զինուած 34-ամեայ Ս․Հ․-ն ՆԳՆ ոստիկանութեան եւ ԱԱԾ ծառայողներուն կողմէ վնասազերծուած է։ Անոր մօտ յայտնաբերուած են չորս նռնակ։

Ձեռնարկուած միջոցառումներով պարզուած է, որ նռնակը առերեւոյթ պայթեցուցած անձը 55-ամեայ Ա․Մ-ն է։ Պայթումին հետեւանքով վնասուածքներ ստացած են 55-ամեայ Ա․Մ․-ն եւ 51-ամեայ Վ․Գ․-ն, որոնք տեղափոխուած են բժշկական կեդրոն։

Նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

Civic.am-ի տեղեկութիւններով պայթուցիկ օգտագործողները «Սասնայ Ծռեր» խմբաւորումէն են:

Աւելի վաղ, Մարտական եղբայրութիւնը յայտարարած էր, որ պայթումին հետ որեւէ կապ չունի. «Միաբանությունը ոչ մի կապ չունի կատարուածի հետ, մենք դատապարտում ենք ցանկացած տիպի ահաբեկչական գործունէութիւն, գործել եւ գործելու ենք միայն օրէնքի շրջանակներում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment