Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանական Կողմը Մեծամօրի Աթոմակայանին Հարցով Դիմած Է Հիւլէական Ուժանիւթի Գագաթաժողովի Համանախագահներուն

Ատրպէյճանական Կողմը Մեծամօրի Աթոմակայանին Հարցով Դիմած Է Հիւլէական Ուժանիւթի Գագաթաժողովի Համանախագահներուն

by MassisPost

Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները Հայաստանի Մեծամօրի աթոմակայանին հարցով բաց նամակով դիմած են Պրիւքսէլի մէջ մեկնարկած Հիւլէական ուժանիւթի անդրանիկ գագաթաժողովի համանախագահներուն՝ Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանտր տէ Քրուային եւ Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսսիին։

Ըստ ատրպէյճանական կողմին՝ անոնք գագաթաժողովի ղեկավարութեան կոչ ըրած են ուշադրութիւն դարձնելու, ինչպէս իրենք բնորոշած են, «վթարային վիճակի մէջ գտնուող աթոմակայանէն սպառնացող համաշխարհային վտանգին» եւ Հայաստանի կառավարութեան առջեւ բարձրացնելու աթոմակայանին գործունէութիւնը անյապաղ դադրեցնելու հարցը։

«Մեծամօրի աթոմակայանը, որ կառուցուած է 1976 թուականին 9,5 աստիճան ուժգնութեամբ սէյսմիկ գօտիի մէջ, կ’աշխատի հին արհեստագիտութիւններիվ եւ նախատեսուած է 8 աստիճան ուժգնութեան համար։ Այն մեծ միջուկային վտանգ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ ամբողջ տարածաշրջանին համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հայաստանը բազմիցս յայտարարած է, որ աշխուժօրէն կը համագործակցի Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան հետ միջուկային անվտանգութեան ապահովման հարցով՝ կատարելով իր բոլոր պարտաւորութիւնները։ Այդ մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց Հիւլէական ուժանիւթի անդրանիկ գագաթաժողովին ժամանակ նաեւ տեղեկացնելով, որ Հայատանը կ’երկարացնէ աթոմակայանի շահագործման ժամկէտը 2026-էն մինչեւ 2036:

Կրոսսին ալ 2022-ի վերջաւորութեան Երեւան կը գտնուէր։ Գործակալութեան գլխաւոր տնօրէնը վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած էր աթոմակայանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ աշխատանքները, գոհունակութեամբ խօսած էր աթոմակայանին մէջ բարեփոխումներու մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment