Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հռոմի Մէջ Ստորագրուած Է Հայաստան-Իտալիա Ռազմական Համագործակցութեան Տարեկան Ծրագիրը

Հռոմի Մէջ Ստորագրուած Է Հայաստան-Իտալիա Ռազմական Համագործակցութեան Տարեկան Ծրագիրը

by MassisPost

Մարտ 19-20-ին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստան-Իտալիա պաշտպանական խորհրդակցութիւններ։ Հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան Պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանը։

Խորհրդակցութիւններու ընթացքին ՀՀ ՊՆ պատուիրակութիւնը Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ, պաշտպանական քաղաքականութեան պետ, զօրավար-մայոր Էնրիքօ Պարտուանիի եւ ԳՇ միջազգային համագործակցութեան բաժնի պետ, գնդապետ Մաթթիա Զուզզիի հետ քննարկած է պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-Իտալիա համագործակցութեան ընթացքն ու զարգացման հեռանկարները։

Լեւոն Այվազեանը ներկայացուցած է Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը եւ զինուած ուժերուն մէջ ընթացող բարեփոխումները։

Խորհրդակցութիւններու աւարտին ստորագրուած է Հայաստան-Իտալիա ռազմական համագործակցութեան տարեկան ծրագիրը, ձեռք բերուած են շարք մը պայմանաւորուածութիւններ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment