Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան, Վոն Տեր Լայեն Եւ Պլինքըն Ապրիլ 5-ին Պիտի Հանդիպին Պրիւքսէլի Մէջ

Փաշինեան, Վոն Տեր Լայեն Եւ Պլինքըն Ապրիլ 5-ին Պիտի Հանդիպին Պրիւքսէլի Մէջ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն տեր Լայեն եւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ պիտի քննարկեն Հայաստանի զարգացման նպաստող եռակողմ համագործակցութեան ուղիները, «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ըսած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։

Գրիգորեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ միջոցառումը նպատակ ունի ամրապնդելու Հայաստանի դիմակայունութիւնը:

ԱԽ քարտուղարը այլ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած՝ նշելով, որ մօտակայ շրջանին միջոցառման մասին աւելի մանրամասն խօսելու հնարաւորութիւն կ’ըլլայ:

2023-ի Հոկտեմբեր 5-ին Փաշինեան Կրանատայի մէջ հանդիպեցաւ Ուրսուլա Վոն տեր Լայենին հետ, քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան բռնի տեղահանութեան հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, տարածաշրջանային իրադրութեան, Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր: Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահը ՀՀ վարչապետին նաեւ տեղեկացուցած էր, որ Եւրոմիութիւնը Միացեալ Նահանգներու հետ միասին պիտի կազմակերպէ համատեղ հանդիպում Հայաստանին աջակցելու համար:

«Սա առաջին քայլն է՝ ամրապնդելու մեր երկկողմ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, քանի որ Եւրոպան եւ Հայաստանը ունին երկար ու հարուստ ընդհանուր պատմութիւն, եւ եկած է ժամանակը նոր գլուխ բանալու այդ ընդհանուր պատմութեան մէջ», ըսած էր Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment