Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեանը Ուրուկուէյի Ժամանակաւոր Փոխանախագահին Ներկայացուցած Է Հայաստան- Ատրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

Միրզոյեանը Ուրուկուէյի Ժամանակաւոր Փոխանախագահին Ներկայացուցած Է Հայաստան- Ատրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Մոնթեվիտէոյի մէջ գտնուող ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Մարտ 21-ին հանդիպում ունեցած է Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութեան ժամանակաւոր փոխնախագահ, Գլխաւոր Վեհաժողովի եւ Ծերակուտականներու Պալատի նախագահի պաշտօնակատար Կրազիելա Պիանչի Փոլիի հետ:

Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Ուրուկուէյի առողջապահութեան փոխնախարար Խօսէ Լուիս Սանճեանը եւ Ուրուկուէյի խորհրդարանին մէջ հայ-ուրուկուէյական բարեկամական խումբի անդամ Փետրօ Խիստոնեանը:

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի միջեւ առկայ բարձրաստիճան քաղաքական երկխօսութիւնը, որուն լաւագոյն դրսեւորումներէն են վերջին շրջանի բարձրաստիճան այցերը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու մայրաքաղաքներուն մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու բացումը: Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Մոնթեվիտէոյի մէջ դեսպանութեան բացումը միտուած է աւելի խորացնելու մեծ համակրանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչ որ մեծապէս ողջունուած է Ուրուկուէյի գործընկերներուն կողմէ:

Երկուստեք կարեւորուած է նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու շարունակական ամրապնդման գործին մէջ։

Նախարար Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ուրուկուէյի խորհրդարանին՝ Հայաստանի համար առաջնահերթութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ սկզբունքային դիրքորոշման համար, այդ շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակման ու ԼՂ-ի մէջ ցեղային զտման քաղաքականութեան առնչութեամբ:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի ժողովուրդներուն միջեւ պատմական կապերուն, որոնք հաստատուեցան այն բանէն յետոյ, երբ Ուրուկուէյը, ըլլալով Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջինը ճանչցած երկիրը, ապաստան տուաւ մեծաթիւ հայերու։

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցերու։ Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ վերջին զարգացումները եւ ՀՀ հետեւողական մօտեցումները առանցքային հարցերուն շուրջ՝ շեշտելով ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն հաւատարմութեան կարեւորութիւնը։ Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին շուրջ քննարկումներուն, որուն համար իրաւական հիմք պէտք է ըլլայ 1991թ. Ալմա-աթայի հռչակագիրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment