Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանցիները Պէտք Է Հեռանան ՀՀ Ինքնիշխան Տարածքներէն. Ֆրանսայի Վարչապետ

Ատրպէյճանցիները Պէտք Է Հեռանան ՀՀ Ինքնիշխան Տարածքներէն. Ֆրանսայի Վարչապետ

by MassisPost

Ատրպէյճանցիները պէտք է հեռանան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն: Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալը:

Ռուսաստանը կ’ուզէ պատժել Հայաստանը խաղաղութեան եւ ինքնիշխանութիւնը յարգելու ձգտմուին համար, սկզբունքներ, որոնք  (Մոսկուան) կ’ոտնահարէ Ուքրանիոյ մէջ։ Ռուսաստանը կ’ուզէ նաեւ պատժել Հայաստանը այն  բանին  համար, որ Հայաստանը ընտրած է անպատժելիութեան դէմ պայքարի ուղին՝ անդամակցելով Միջազգային Քրէական Դատարանին, եւ ուղղակի այն բանին համար, որ ընտրած է ժողովրդավարութիւնն ու իրաւական պետութիւնը», ըսած է Ֆրանսայի վարչապետը։

Ան նշած է, որ Ռուսաստանը չէ դատապարտած Ատրպէյճանի կողմէ  ուժի կիրառումը  Լեռնային Ղարաբաղի մէջ. «Իրականութեան մէջ ան նոյնիսկ  հաւանութիւն տուած է անոր, եւ, այսպէս կոչուած, ռուսական «խաղաղապահ» ուժերը թոյլ տուած են, որ մարդասիրական ճգնաժամը խորանայ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment