Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայկական Կողմը ՌԴ-ին Ծանուցած Է «Միր» Քարտի Սպասարկումը Դադրեցնելու Մասին

Հայկական Կողմը ՌԴ-ին Ծանուցած Է «Միր» Քարտի Սպասարկումը Դադրեցնելու Մասին

by MassisPost

Ռուսական կողմը Հայաստանի վճարային համակարգէն պաշտօնական ծանուցում ստացած է, որ Մարտ 30-էն դրամատունկերը պիտի դադրեցնեն «Միր» քարտերու սպասարկումը: Այս մասին յայտնած է ռուսաստանեան ԹԱՍՍ պետական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով «Միր»-ի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

Լրատուամիջոցը կը յաւելէ, որ միեւնոյն ժամանակ «ՎԹՊ Հայաստան» դրամատունը, որ ամբողջութեամբ կը սպասարկէ «Միր» քարտերը իր ենթակառուցուածքներով, պիտի շարունակէ աշխատիլ Հայաստանի մէջ ռուսական քարտերով։

2024 թուականի Փետրուարին «Միր»-ը կամ ռուսական ազգային վճարային համակարգը ԱՄՆ պատժամիջոցներու թիրախին յայտնուած է. Ուաշինկթըն կը պնդէ, որ այդ համակարգին միջոցով «Ռուսաստանը կը շրջանցէ պատժամիջոցները եւ կը պահպանէ կապերը միջազգային ֆինանսական համակարգին հետ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment