Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Մանրամասնած Է, Թէ Ինչ Խօսակցութիւն Ունեցած Է Տաւուշցիներու Հետ

Նիկոլ Փաշինեան Մանրամասնած Է, Թէ Ինչ Խօսակցութիւն Ունեցած Է Տաւուշցիներու Հետ

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւուշի մարզի շարք մը գիւղերու բնակիչներու հետ հանդիպումէն յետոյ «Ազատութեան» հետ զրոյցին կիսով չափ մանրամասնած է, թէ ինչ խօսակցութիւն եղած է:

Ան կարծիք յայտնած է, որ մտահոգութիւններ կան, որ բնակիչները լրագրողներուն չեն ըսած, սակայն իրեն ըսած են:

Այս կերպ ան մեկնաբանած է հարցը, թէ այն մտահոգութիւններուն մասին, որոնք բնակիչները կը բարձրաձայնեն լրագրողներու հետ զրոյցին, իրեն ըսա՞ծ են:

«Ամբողջ հանդիպումը տեսագրուած է, կը հրապարակուի, բայց հասկանալիօրէն այն հատուածները, որոնք այլ զգայունութիւններ ունեն, գաղտնիքի տարրեր են պարունակում, դրանք չեն հրապարակուի», վստահեցուցած է կառավարութեան ղեկավարը:

Վերջինս ընդգծած է, որ ամենակարեւոր ըսելիքը վերջին ասուլիսի ժամանակ ըսածը եղած է. «Հայաստանի այն նոյն ուրուագիծը, որ ցոյց եմ տուել այնտեղ, ցոյց եմ տուել նաեւ այստեղ, եւ ասելիքը կառուցուած էր դրա վրայ»:

Վարչապետը շեշտած է, որ բնակիչներուն բարձրացուցած այնպիսի հարց մը պէտք չէ ըլլայ, որ մնայ անպատասխան:

«Եթէ մնայ անպատասխան, նշանակում է, որ մենք լուծում չունենք հարցի: Որոշ հարցերի, այո՛, պատասխանով էինք եկել, որոշ հարցերի հետ կապուած էլ ես մարդկանց ուղիղ ասացի, որ ես այսօր եկել եմ ոչ միայն հարցերին պատասխանելու, այլ նաեւ հարցերը հաւաքելու եւ կառավարութեան սեղանին որպէս օրակարգ դնելու եւ դրանց պատասխանի շուրջ մտածելու եւ պատասխանով վերադառնալու համար», ըսած է ան:

Վարչապետը նաեւ նկատած է՝ հարցեր եղած են, որ այնտեղ անոնց սրութիւնը, այսպէս ըսած, աւելի զգացական եւ աւելի գործնական զգացած է:

«Հարցեր կան, որոնք պետական գաղտնիքների հետ են առնչւում, ամենակարեւորը, որ մարդկանց մտահոգութիւնները եւ անվտանգութիւնը եւ ապագայի նկատմամբ հաւատը մենք պէտք է գործնականում, տեղում ցոյց տալով, կառուցակարգերով հիմնաւորենք», նշած է կառավարութեան ղեկավարը:

Աւելի վաղ, վարչապետը հանդիպած է Ոսկեպարի, Բաղանիսի եւ յարակից բնակավայրերու բնակիչներու, ինչպէս նաեւ՝ Կիրանց համայնքի բնակիչներու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment