Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Վարչապետն Ու Նախագահը Շնորհաւորած Են Փութինը

ՀՀ Վարչապետն Ու Նախագահը Շնորհաւորած Են Փութինը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Վլատիմիր Փութինին՝ նախագահի պաշտօնում վերընտրուելու առիթով։

Ուղերձին մէջ Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ երկխօսութիւնը զարգանայ՝ ի շահ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ժողովուրդներուն։

«Մաղթում եմ Ձեզ, յարգելի Վլատիմիր Վլատիմիրի, առողջութիւն, երջանկութիւն եւ հետագայ յաջողութիւններ Ձեր գործունէութեան մէջ», ըսուած է Փաշինեանի ուղերձին մէջ։

Փութինին շնորհաւորել է նաեւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը եւ յոյս յայտնած, որ երկու երկիրները «շարունակեն աշխոյժ փոխգործակցութիւնը քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներուն մէջ»։

«Յուսով եմ, որ կը շարունակենք աշխոյժ փոխգործակցությունը քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներում՝ նպատակ ունենալով բարձրացնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ համագործակցութիւնն ու փոխըմբռնումը», ըսուած է նախագահին ուղերձին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment