Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանը Բացասաբար Կը Վերաբերի Հայաստանի Մէջ ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան Գործառոյթներուն. Փեսքով

Ատրպէյճանը Բացասաբար Կը Վերաբերի Հայաստանի Մէջ ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան Գործառոյթներուն. Փեսքով

by MassisPost

Քրեմլինը կասկածելի կը համարէ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան արդիւնաւէտութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին։ Լրագրողներու հետ զրոյցին, Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով այսպէս մեկնաբանած է Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ դիտորդներուն անձեռնմխելիութիւն տրամադրող համաձայնագրին վաւերացումը, ինչպէս նաեւ առաքելութեան ընդլայնումը։

«Այստեղ, թերեւս, պէտք է կասկածի տակ դնել նման առաքելութեան հաւանական արդիւնաւէտութիւնը… Հարցը այն է, թէ որն է դիտորդութեան առարկան, եւ արդեօք այդ առաքելութիւնը կը ճանչցուի՞ Ատրպէյճանի կողմէ: Եթէ մենք ճիշդ կը հասկնանք, ատրպէյճանական կողմը բաւականին բացասաբար կը վերաբերի այս առաքելութեան գործառույթներուն, եւ ես կը կասկածիմ, որ նման մանտաթը այնտեղ ըմբռնումով պիտի ընդունուի», ըսած է Փեսքով։

Քրեմլինի ներկայացուցիչը ԵՄ առաքելութեան տեղակայման եւ գործունէութեան ծիրին մէջ հայկական կողմին գործողութիւնները անուանած է «Երեւանի միակողմանի որոշում»։ Հայաստանի խորհրդարանը Մարտ 20-ին վաւերացուցած է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոմիութեան միջեւ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան կարգավիճակին մասին» համաձայնագրին նախագիծը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment