Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Վերջին 6 Ամսուան Ընթացքին ՀՀ-ին Վերադարձուցած Է 24 Միլիոն 657 Հազար ԱՄՆ Տոլարի Գոյք

Դատախազութիւնը Վերջին 6 Ամսուան Ընթացքին ՀՀ-ին Վերադարձուցած Է 24 Միլիոն 657 Հազար ԱՄՆ Տոլարի Գոյք

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութիւնը վերջին 6 ամսուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վերադարձուցած է 24 միլիոն 657 հազար ԱՄՆ տոլարի գոյք։

Գլխաւոր Դատախազութիւնը երկու բացառիկ լիազօրութիւններու՝ պետական շահերու պաշտպանութեան եւ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման շրջանակներուն մէջ, վերջին 6 ամիսներուն՝ 2023 թուականի չորրորդ եւ 2024 թուականի առաջին եռամսեակներուն (2024 թուականի Մարտ 20-ի դրութեամբ) Հայաստանի Հանրապետութեան վերադարձուցած է 9 միլիառ 937 միլիոն դրամի (24 միլիոն 657 հազար ԱՄՆ տոլարի) գոյք:

Պետական շահերու պաշտպանութեան գործառոյթի շրջանակին մէջ՝

  1. Ծաղկաձոր համայնքին մէջ գտնուող՝ 46 միլիոն 929 հազար դրամ շուկայական արժէքին մօտարկուած կադաստրային արժէքով 24 հազար 993 քմ հանգիստի համար նախատեսուած՝ «յատուկ պահպանուող տարածք» նպատակային նշանակութեամբ հողամասը, կայացուած վերջնական դատական արձանագրութեան հիման վրայ, Կառավարութեան 2024 թուականի Փետրուար 8-ի որոշմամբ՝ ամրացուած է Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէին:
  2. Ծաղկաձոր համայնքին մէջ գտնուող՝ 37 միլիոն 593 հազար դրամ շուկայական արժէքին մօտարկուած կադաստրային արժէքով 20 հազար 21 քմ հիանգստի համար նախատեսուած՝ «յատուկ պահպանուող տարածք» նպատակային նշանակութեամբ հողամասը, կայացուած վերջնական դատական արձանագրութեան հիման վրայ, Կառավարութեան 2024 թուականի Մարտ 14-ի որոշմամբ՝ ամրացուած է Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէին:
  3. Արարատի մարզի Արմաշ գիւղին մէջ «Երասխ-2» զօրամաս հասցէով գտնուող՝ 25 միլիոն 600 հազար դրամ շուկայական արժէքին մօտարկուած կադաստրային արժէքով 9 հազար քմ մակերեսով «յատուկ նշանակութեան» հողամասը, կայացուած վերջնական դատական արձանագրութեան հիման վրայ, Կառավարութեան 2024 թուականի Յունուար 4-ի որոշմամբ՝ ամրացուած է Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէին:

Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործառոյթի շրջանակին մէջ՝

  1. 2024 թուականի Փետրուար 15-ին հաշտութեան համաձայնութիւն կնքուած է Տաւուշի նախկին մարզպետ Յովիկ Արամայիսի Աբովեանի եւ անոր փոխկապակցուած անձհերու հետ, որով Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութեան կը փոխանցուի 608 միլիոն 634 հազար դրամ (1,5 միլիոն ԱՄՆ տոլար):
  2. 2024 թուականի Փետրուար 21-ին հաշտութեան համաձայնութիւն կնքուած է Գալուստ Լուքաշի Գրիգորեանի հետ, որով Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութեան կը փոխանցուի Երեւան քաղաքի Աւան վարչական շրջանի Աճառեան փողոցին վրայ գտնուող՝ 16 հազար 013 քմ մակերեսով հողամասը՝ 2 միլիառ 18 միլիոն 400 հազար դրամ շուկայական արժէքով:

Վերոնշեալ երկու գործերով Դատարանին վճիռը մտած է օրինական ուժի մէջ:

Յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին պիտի ներկայացուի վերոնշեալ հողամասը Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէին ամրացնելու վերաբերեալ Կառավարութեան որոշման նախագիծ, ինչպէս նաեւ պիտի նախաձեռնուի 608 միլիոն 634 հազար դրամը պետական պիւտճէ փոխանցելու գործընթաց:

Ամփոփելով՝ նշենք, որ Գլխաւոր Դատախազութեան կողմէ 2024 թուականի երկուքուկէս ամիսներու ընթացքին պետութեան վերադարձուած գոյքերու ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 2 միլիառ 737 միլիոն 156 հազար դրամ (608 միլիոն 634 հազար դրամը՝ գումարի տեսքով), իսկ 2023 թուականի չորրորդ եռամսեակի ընթացքին՝ աւելի քան 7,2 միլիառ դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment