Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԺ-ն Վաւերացուց ԵՄ Առաքելութեան Կարգավիճակին Մասին Համաձայնագիրը. Դիտորդներուն Լիազօրութիւնները Պիտի Ընդլայնուին

ԱԺ-ն Վաւերացուց ԵՄ Առաքելութեան Կարգավիճակին Մասին Համաձայնագիրը. Դիտորդներուն Լիազօրութիւնները Պիտի Ընդլայնուին

by MassisPost

Ազգային Ժողովը Մարտ 20-ի նիստի մեկնարկին առաջին եւ երկրորդ ընթերցմամբ ու ամբողջութեամբ ընդունեց շարք մը նախագիծեր:

Նաեւ վաւերացուեցաւ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան կարգավիճակի մասին համաձայնագիրը: Այն ընդունուեցաւ 57 կողմ, 0 դէմ եւ 27 ձեռնպահ ձայներով:

Փաստաթուղթը կը կարգաւորէ դիտորդական առաքելութեան գործառոյթներ, անոնց անձեռնմխելիութիւն կը տրամադրէ։

Եւրոպացի դիտորդները հայ-ատրպէյճանական սահմանը կը դիտարկեն 2022-էն, սկզբնապէս առաքելութեան կազմին մէջ 40 հոգի եղած է։ Հիմա արդէն անոնց թիւը 138 է, իսկ մինչեւ Սեպտեմբեր 209 հոգինոց կազմ կ’ունենան։

Ըստ համաձայնագրին՝ դիտորդներուն կարգավիճակը մօտ է դիւանագիտական կարգավիճակին այն իմաստով, որ անոնք եւ անոնց ծառայողական գոյքը (մեքենաներ, սարք եւ այլն) ենթակայ չեն մաքսային զննման եւ Հայաստանի մէջ գրանցման սովորական ընթացակարգերուն:

Դիտորդները պիտի օգտուին իրաւական անձեռնմխելիութենէն՝ իրենց դիտորդական գործառոյթներու կատարման առումով։ Այն շէնքերը, ուր կը գտնուին առաքելութիւնը, անձեռնմխելիութեան կարգավիճակ պիտի ունենան եւ խուզարկութեան ենթակայ պիտի չըլան։ Առաքելութեան նամակագրութիւնն ու արխիւները նոյնպէս անձեռնմխելի պիտի ըլան։

Իրաւական անձեռնմխելիութենէն կրնան բացառութիւններ ըլլալ, եթէ անօրինական գործունէութեան եւ առաքելութեան անդամներուն կողմէ անօրինական բեռներու տեղափոխման վերաբերեալ լուրջ կասկածներ յառաջանան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment