Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ահաբեկչութեան Մէջ Մեղադրուող Դաշնակցական Գագիկ Սարգսեանը Կալանաւորուած Է

Ահաբեկչութեան Մէջ Մեղադրուող Դաշնակցական Գագիկ Սարգսեանը Կալանաւորուած Է

by MassisPost

Դաշնակցական Գագիկ Սարգսեանը, ով նախօրէին բերման ենթարկած էր ԱԱԾ-ն, մէկ ամիսով կալանաւորուած է, յայտնած է անոր որդին։

Փաստաբան Վահէ Եփրիկեանը «Ազատութեան» ըսաւ, որ քննիչը 2 ամսուան կալանք պահանջած է, դատաւորը մասնակի բաւարարած է ու մէկ ամիսով կալանաւորելու որոշում կայացուցած է։ Փաստաբանին խօսքով՝ Գագիկ Սարգսեանը չ’ընդունիր իրեն ներկայացուած մեղադրանքը եւ կը պնդէ, որ որեւէ առնչութիւն չունի այդ ամէնուն հետ։

Քննչական Կոմիտէն տեղեկացուց չորս անձի, այդ շարքին՝ Գագիկ Սարգսեանի նկատմամբ ահաբեկչութեան յօդուածով քրէական հետապնդում յարուցելու մասին։

Ըստ կառոյցին՝ բացայայտուած ահաբեկչութեան դէպքերը ուղղուած եղած են իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան, անոր անդամներուն, այդ շարքին՝ խմբակցութեան պատգամաւորներ Գագիկ Մելքոնեանի եւ Գուրգէն Արսէնեանի դէմ:

Մասնաւորապէս, Կոմիտէին փոխանցմամբ, Գագիկ Սարգսեանը բնակչութիւնը ահաբեկելու, իշխանութեան մարմիններուն գործունէութիւնը կազմալուծելու համար կազմակերպած է ահաբեկչութիւն պատգամաւոր Գագիկ Մելքոնեանի դէմ՝ նպատակ ունենալով զայն զերծ պահել քաղաքական յստակ յայտարարութիւններէ եւ դիրքորոշումներէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment