Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանի Վարկանիշը Կը Շարունակէ Տուժել` Հայաստանի Հասարակութեան Մօտ

Ռուսաստանի Վարկանիշը Կը Շարունակէ Տուժել` Հայաստանի Հասարակութեան Մօտ

by MassisPost

Հանրապետական Միջազգային Հիմնարկը հրատարակած է իր հերթական հանրային կարծիքի ուսումնասիրութիւնը, ուր ի յայտ կու գայ թէ Ռուսաստան կը շարունակէ կորսնցնել Հայաստանի ժողովուրդի համակրանքը` դաշնակից այդ երկրին նկատմամբ:

Նախքան Ռուսաստանի մասին անդրադառնալը յայտնենք, որ հարցախոյզը ցոյց կու տայ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարկանիշի անկումը: Ըստ ուսումնասիրութեան` ներկայ դրութեամբ Հայաստանի բնակչութեան միայն 17 տոկոսը կը վստահի վարչապետին« անոր կը յաջորդեն արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը (5%) եւ Հանրապետութիւն կուսակցութեան ղեկավար Արամ Սարգսեանը (4%): Ըստ հարցախոյզի տուեալներուն` ընդդիմութեան առաջնորդ Ռոպերդ Քոչարեանի վարկանիշը միայն 2 տոկոս է: Ժողովուրդի 60 տոկոսը յայտնած է թէ` ոչ մէկուն չի վստահիր:

Ինչ կը վերաբերի այն հարցին թէ« եթէ ընտրութիւնները կայանան այս Կիրակի որո±ւն ձայն կու տայիք« մասնակիցներու 20 տոկոսը յայտնած է թէ կը քուէարկէր իշխող կուսակցութեան ի նպաստ: Նախկին իշխանութիւնները ներկայացնող ուժերուն ի նպաստ արտայայտուած են ընտրողներու մօտ 5 տոկոսը:

Ուսումնասիրութեան ամենէն դրական կողմը այն է թէ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը լաւատես է երկրի ապագայի նկատմամբ« նաեւ կþաջակցի կառավարութեան առած քայլերուն` Արցախէն տեղահանուածներուն օժանդակելու առումով:

Վերադառնալով Ռուսաստանին, Հայաստանի ժողովուրդի 66 տոկոսը ոչ դրական գնահատած է այդ երկրին հետ յարաբերութիւնները: Տարի մը առաջ նոյն կարծիքը յայտնած էր ժողովուրդի միայն 49 տոկոսը: Իսկ Հայաստանի սպառնացող ամենէն մեծ վտանգը կազմող երկիրներու շարքին Ռուսաստան դասուած է երրորդը` Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն յետոյ: Վերջին տարիներուն Ռուսաստանի նկատմամբ տրամադրութիւններու այս կտրուկ փոփոխութիւնը պէտք է վերագրել Մոսկուայի քաղաքական վերնախաւի վարած սխալ քաղաքականութեան, որուն պատճառաւ ան կորսնցուց տարածաշրջանի իր միակ վստահելի դաշնակիցի` Հայաստանի մինչ այդ ՙՌուսամէտ՚ հասարակութեան համակրանքը:

Այս օրերուն ռուսաստանեան լրատուամիջոցները եւ քաղաքական շրջանակները լծուած են Հայաստանի դէմ քարոզչական արշաւի` մեղադրելով իշխանութիւնները Ռուսաստանի դէմ քայլեր առնելու մէջ, այն պարագային երբ Երեւան պարզապէս կը փորձէ առաջնորդուիլ իր երկրի շահերէն մեկնած, կարողանալ ապահովելու համար իր սահմանները` արտաքին վտանգներէն: Ինչպէս որ Ռուսաստան նախ եւ առաջ կը պաշտպանէ իր շահերը, նոյնն ալ իրաւունք ունի ընելու Հայաստանը: Երբ Ռուսաստան կը մերժէ զինել Հայկական բանակը  Հայաստան իրաւունք ունի դիմելու այլ երկիրներու, այս պարագային Հնդկաստանին ու Ֆրանսային, որպէսզի կարողանայ ուժեղացնել իր պաշտպանական կարողութիւնները: Ինչ կը վերաբերի ՀԱՊԿ-ի մէջ իր անդամակցութիւնը սառեցման, Հայաստան չի կրնար անտեսել այն իրողութիւնը, որ պաշտպանական այդ կառոյցը թերացաւ իր պարտաւորութիւններուն մէջ` հանդէպ իր դաշնակից երկրին:

Այս բոլորի վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ Արցախի ամբողջական հայաթափումը, որուն մէջ պատասխանատուութեան մեծ բաժին ունեցան Ռուսական խաղաղապահ ուժերը, որոնք իրենց անգործութեամբ եւ նաեւ մեղսակցութեամբ նպաստեցին ատրպէյճանական հակահայ ծրագիրներու իրականացման:

Երբ Մոսկուայի թիւ մէկ փրոփականտիստ` Մարկարիթա Միմոնեանը հրապարակաւ կը յայտարարէ, թէ` հինգ տարի յետոյ Հայաստան պետութիւնը գոյութիւն պիտի չունենայ, ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ հանրային կարծիքը սիրաշահելուն եւ հակառակը աւելի կը հեռացնէ երկու երկիրները իրարմէ:

Հայաստանի հասարակութիւնը ներկայիս  կþապրի հիասթափութիւն Ռուսաստանի նկատմամբ« որ կþարտայայտուի նաեւ այս վերջին ուսումնասիրութեան մէջ: Եթէ  Մոսկուան չանդրադառնայ իր գործած սխալներուն ու  չկարողանայ զանազանել իր դաշնակիցները, կարծեցեալ բարեկամներ` Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն, ուշ չէ այն օրը երբ ամբողջութեամբ կրնայ կորսնցնել Հայաստանն ու անոր ժողովուրդը:

Գ.ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment