Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Պաքուի Հետ Բանակցութիւններ Վարել»․ Գերիներու, Անհետ Կորսուածներու Յանձնաժողով

«Պաքուի Հետ Բանակցութիւններ Վարել»․ Գերիներու, Անհետ Կորսուածներու Յանձնաժողով

by MassisPost

Կարեւոր է Ատրպէյճանի համապատասխան կառոյցին հետ բանակցութիւններ վարել՝ հաշուի առնելով համագործակցելու պատրաստակամութեան վերաբերեալ կողմերուն յայտարարութիւնները, Գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուած (գտնուելու վայրը անյայտ) անձերու հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնաժողովի Մարտ 12-ի նիստին ժամանակ յայտնած է յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արմէն Աբազեանը՝ շեշտելով՝ անհրաժեշտ է առաջնահերթությունները վերանայիլ։

Ըստ ԱԱԾ հաղորդագրութեան՝ նիստի ընթացքին անդրադարձ եղած է միջազգային կառավարական եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի պատուիրակութեան հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ գերեվարուած ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձին շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն։

Նիստէն այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր, կը նշուի, որ ներկայ եղած են նաեւ Ազգային Ժողովի իշխող խմբակցութեան պատգամաւոր Վիլէն Գաբրիէլեանը եւ անյայտ կորսուած անձերու ծնողներուն շահերը ներկայացնող Արսէն Ղուկասեանը:

Գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուած անձերու հարցերով զբաղուող Հայաստանի միջգերատեսչական յանձնաժողովը տարեսկիզբին արձագանգելով Ատրպէյճանի մեղադրանքներուն, թէ հայկական կողմը կը մերժէ տեղեկութիւններ տրամադրել Ատրպէյճանի անհետ կորսւոած քաղաքացիներու մասին, Ատրպէյճանի համապատասխան կառոյցին առաջարկած էր աշխուժացնել համագործակցութիւնը:

Պաքուն յայտարարած էր՝ Երեւանը «պէտք է հրատապ միջոցներ ձեռնարկէ 4 հազար անյայտ կորսուած ատրպէյճանցիներու ճակատագրին եւ վերջին 30 տարուան ընթացքին ատրպէյճանցիներու գերեզմաններու տեղի մասին տեղեկութիւններ տրամադրելու ուղղութեամբ»։

Համագործակցութեան պատրաստակամութեան մասին հայկական կողմէ յայտարարութենէն յետոյ Ատրպէյճանի արձագանգը չուշացաւ՝ Պաքուն յայտարարեց, որ պատրաստ է համագործակցելու Երեւանի հետ երկու կողմէ անհետ կորսուածներու որոնման աշխատանքներուն մէջ եւ որ անհրաժեշտ է ներգրաւել 1990-ականներուն հայկական կողմին ռազմական գործողութիւնները ղեկավարող պաշտօնեաները, որոնք տեղեկութիւններ ունին «ատրպէյճանցիներու զանգուածային թաղումներու վերաբերեալ»։

Ըստ Երեւանի՝ 993 Հայաստանի քաղաքացիներ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայեր կը համարուին անհետ կորսուած 90-ականներու սկիզբէն, եւ որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին եւ անկէ յետոյ Հայաստանը լրջօրէն հետաքրքրուած է անոնց ճակատագրերու պարզաբանմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment