Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մեծն Բրիտանիան «Պիտի Աշխատի Դաշնակիցներուն Հետ՝ Աջակցելու Երեւանին Ռուսական Պատասխան Սպառնալիքներու Պարագային»

Մեծն Բրիտանիան «Պիտի Աշխատի Դաշնակիցներուն Հետ՝ Աջակցելու Երեւանին Ռուսական Պատասխան Սպառնալիքներու Պարագային»

by MassisPost

Մեծն Բրիտանիան կ’ընդունի ՀԱՊԿ-ին անդամակցութիւնը սառեցնելու Հայաստանի որոշումը՝ որպէս այդ երկրի ինքնիշխան իրաւունք եւ պիտի աշխատի Եւրատլանտեան դաշնակիցներուն հետ՝ աջակցելու Երեւանին ռուսական պատասխան սպառնալիքներու պարագային, յայտարարած է Միացեալ Թագաւորութեան զինուած ուժերու նախարար Ճէյմս Հիփփին։

Ան նշած է, որ Հայաստանը սառեցուցած է իր անդամակցութիւնը Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան՝ յայտարարելով, որ Ռուսաստանը չէ կատարած Հայաստանի նկատմամբ անվտանգային իր պարտաւորութիւնները, միաժամանակ բրիտանացի պաշտօնեան նկատած է, որ սա դեռ չի նշանակըդ կազմակերպութենէն պաշտօնական դուրս գալ:

«Միացեալ Թագաւորութիւնը ստորագրած է ԵԱՀԿ սպառազինութիւններու արգելքը, եւ, որպէս այդպիսին, Միացեալ Թագաւորութեան պաշտպանական արդիւնաբերութեան համար որեւէ օգուտ պէտք է իրականացուի մանտաթային սահմանափակումներու ծիրին մէջ: Մենք պիտի շարունակենք սերտօրէն աշխատիլ Հայաստանի հետ՝ աւելի սերտ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները բացայայտելու նպատակով», ի պատասխան պատգամաւորներէն մէկուն հարցումին՝ նշած է Ճէյմս Հիպփփին։

Ռուսաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի հետ յարաբերութիւնները սրած են յատկապէս 2022 թուականի Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի յարձակումէն յետոյ։ Չնայած Երեւանի պահանջներուն՝ ՀԱՊԿ-ը մինչեւ օրս չէ դատապարտած դաշինքի անդամ Հայաստանի դէմ այդ յարձակումը եւ չէ արձանագրած, որ Ատրպէյճանը Հայաստանէն տարածքներ բռնագրաւած է։

Երեւանը ի պատասխան մերժեց սահմանին ՀԱՊԿ դիտորդներ տեղակայելու առաջարկը, 2024-ին ալ վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւանի անդամակցութիւնը դաշինքին տէ ֆաքթօ սառեցուած է, հնարաւոր է՝ սառեցուի նաեւ տէ եուրէ, եթէ դաշնակիցները չփոխեն իրենց դիրքորոշումը։

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը, իր հերթին, յայտարարած է՝ Ռուսաստանի հետ մերձեցման քաղաքականութիւնը ի սկզբանէ սխալ համարելու մասին Երեւանէն հնչող յայտարարութիւնները կրնան յանգեցնել երկկողմ յարաբերութիւններու էական վերանայման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment