Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ին Անդամակցելու ՀՀ Մտադրութեան Վերաբերեալ Միրզոյեանի Յայտարարութիւնը Լայն Արձագանգ Գտած է Միջազգային Մամուլին մէջ

ԵՄ-ին Անդամակցելու ՀՀ Մտադրութեան Վերաբերեալ Միրզոյեանի Յայտարարութիւնը Լայն Արձագանգ Գտած է Միջազգային Մամուլին մէջ

by MassisPost

Միջազգային մամուլին մէջ լայն արձագանգ գտած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հարցազրոյցը թրքական «TRT World» հեռուստաընկերութեան, որուն մէջ ան, ի թիւս այլ հարցերու, անդրադարձած է Հայաստանի՝  Եւրոմիութեան անդամակցելու գաղափարի քննարկումներուն:

«Reuters»-ը, մէջբերելով Արարատ Միրզոյեանի խօսքը, նշած է, որ Հայաստանը կը դիտարկէ Եւրոմիութեան անդամակցութեան դիմում ներկայացնելու հարցը, քանի որ  կը ձգտի աւելի սերտ կապեր հաստատելու Արեւմուտքի հետ։

«Այսօր Հայաստանի մէջ մեծ մասամբ կը քննարկուին բազմաթիւ նոր հնարաւորութիւններ, եւ գաղտնիք պիտի չըլլայ, եթէ ըսեմ, որ այդ կը ներառէ անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան», մէջբերած է լրատուամիջոցը։

Հարցազրոյցին՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու հեռանկարին վերաբերեալ, ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի խօսքի հատուածին անդրադարձած են նաեւ  «Politiko»-ն եւ հնդկական «The Times of India»-ն, «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը, իրանեան «Press TV»-ն:

Միջազգային լրատուամիջոցները նշած են ՀՀ արտաքին գործերու նախարարին արտայայտած համոզմունքը, որ առեւտուրը այն ոլորտներէն մէկն է, որուն ուղղութեամբ Երեւանը հնարաւոր կը համարէ յարաբերութիւններու հետագայ խորացումը ԵՄ-ի հետ:

«ԵՄ-ն շարունակում է մնալ Հայաստանի առաջատար առեւտրային գործընկերներից մէկը։ Մենք վճռական ենք ուսումնասիրել առեւտրատնտեսական կապերի հետագայ ամրապնդման հնարաւորութիւնները ինչպէս երկկողմ մակարդակով, այնպէս էլ տարածաշրջանային համագործակցութեան շրջանակներում», ՀՀ արտաքին գործերու նախարարին խօսքը մէջբերած է  «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը՝ աւելցնելով, որ աւելի վաղ Միրզոյեանը յայտնած էր, որ եկած է Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ վիզաներու ազատականացման հարցերու շուրջ երկխօսութիւն սկսելու ժամանակը, եւ նշած է, որ Երեւանը մտադիր է ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու նաեւ այլ ուղղութիւններով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment