Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռազմական Ոստիկանութիւնը Զէնք-Զինամթերքի Յայտնաբերման Մասին Կը Յայտնէ

Ռազմական Ոստիկանութիւնը Զէնք-Զինամթերքի Յայտնաբերման Մասին Կը Յայտնէ

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան Կիւմրիի բաժինը քաղաքացիներու շրջանակին մէջ յայտնաբերած է գնդացիրներ, նռնականետներ, ինքնաձիգեր, փամփշտատուփեր եւ 3007 հատ տարբեր տրամաչափի փամփուշտներ։

Ռազմական ոստիկանութիւնը կը հաղորդէ, որ պիտի շարունակուին ապօրինի պահուող զէնք-զինամթերքի յայտնաբերման աշխատանքները, եւ կը յորդորէ զանոնք կամաւոր յանձնել։

44-օրեայ պատերազմէն յետոյ 17 հազար ինքնաձիգ անհետացած է։ Անհետացած ինքնաձիգերու մասին ներքին գործերու նախարարի յայտարարութենէն օրեր անց՝ Յունուարի վերջը, գերատեսչութենէն պարզաբանած էին, թէ կ’աշխատին Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ՝ անոնց գտնուելու վայրը պարզելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment