Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միլլըր – Մոսկուան կը Կոշտացնէ Հռետորաբանութիւնը Մոլտովայի եւ Հայաստանի Նկատմամբ

Միլլըր – Մոսկուան կը Կոշտացնէ Հռետորաբանութիւնը Մոլտովայի եւ Հայաստանի Նկատմամբ

by MassisPost

Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը կոշտ հռետորաբանությեան օգտագործմամբ կ’ապակայունացնէ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ, Ռուսաստանի շատ հարեւաններ մտահոգուած են այդ սպառնալիքներով:

Այդ մասին յայտարարած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարությեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր՝  մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնները, ուր վերջինս նշած էր, որ Մոսկուան կը կոշտացնէ հռետորաբանութիւնը Մոլտովայի եւ Հայաստանի նկատմամբ եւ մեղադրած էր Հայաստանը Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու ջերմացման համար ու խոստացած է անոր համարժէք պատասխան:

«Ռուսաստանի շատ հարեւաններ մտահոգուած են սպառնալից հռետորաբանութեամբ եւ գործողութիւններով, որոնք Ռուսաստանի կառավարութիւնը կրկին ու կրկին ցոյց կու տայ, որ պատրաստ է ձեռնարկելու իր հարեւաններուն դէմ», ըսած է Միլլըր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment