Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գէորգ Պապոյեանը Նշանակուեցաւ Տնտեսութեան Նախարար

Գէորգ Պապոյեանը Նշանակուեցաւ Տնտեսութեան Նախարար

by MassisPost

Հայաստանի նախագահին հրամանագրով՝ Ազգային Ժողովի իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Պապոյեանը նշանակուեցաւ տնտեսութեան նախարար:

2018-ի Դեկտեմբերին ԱԺ պատգամաւոր ընտրուած Պապոյեանը աւարտած է Հայաաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանը: Ան տնտեսագիտութեան թեկնածու, դասախօս է: Տարբեր տարիներուն ան շարք մը ընկերութիւններու մէջ զբաղեցուցած է շուկայագիտութեան բաժնի ղեկավարի, տնօրէնի պաշտօնները։

Վահան Քերոբեանը տնտեսութեան նախարարի պաշտօնէն ազատեցաւ Փետրուար 14-ին։ Հրաժարականէն յետոյ,  Քերոբեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուեցաւ, ան ձերբակալուեցաւ, ապա տնային կալանքի ենթարկուեցաւ՝ երկու ամիս ժամկէտով։ Յունուարի վերջը առերեւոյթ փտածութեան չարաշահումներու երկու գործով եօթը անձ ձերբակալուեցաւ, որոնցմէ չորսը՝ Տնտեսութեան նախարարութեան աշխատակիցներ։ Քննչական Կոմիտէն նշեց, որ փաստական տուեալներ ստացուած են այն մասին, որ «ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան պաշտօնատար անձեր, նախնական համաձայնութեամբ, խումբ մը անձերու դրդմամբ եւ օժանդակութեամբ, չարաշահած են իրենց ծառայողական լիազօրութիւնները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment