Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստանի Հանրապետութեան ԱՄՆ-ի Դեսպան Լիլիթ Մակունցի Լոս Անճելոս Այցը

Հայաստանի Հանրապետութեան ԱՄՆ-ի Դեսպան Լիլիթ Մակունցի Լոս Անճելոս Այցը

by MassisPost

Մարտի 1-ին ԱՄՆ-ի ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունցի աշխատանքային այցը Լոս Անճելոս մեկնարկեց պաշտօնական հանդիպումներով: Այցի առաջին օրը դեսպան Մակունցը հանդիպեցաւ Լոս Անճելոսի քաղաքապետ Քերըն Բասսի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լոս Անճելոսի քաղաքային խորհրդի նախագահ Փոլ Գրիգորեանը, Լոս Անճելոսի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեանը:

Դեսպան Մակունցը քաղաքապետ Բասսին փոխանցեց Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի նամակը` երկու քաղաքներու միջեւ համագործակցութիւնը խթանելու վերաբերեալ: Զրուցակիցները պայմանաւորուեցան կապի մէջ դնել քաղաքապետարաններու ներկայացուցիչներուն` փոխգործակցութեան բազմոլորտ օրակարգ մշակելու համար:

Յաջորդիւ` դեսպան Մակունցը առանձին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լոս Անճելոսի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Փոլ Գրիգորեանի հետ, որու ընթացքին ուրուագծուեցան երկկողմ աշխատանքները առաջ մղելու հնարաւորութիւնները:

Նոյն օրը դեսպան Մակունցը հանդիպեցաւ նաեւ Լոս Անճելոսի ոստիկանապետի տեղակալ Դանիէլ Ռանդոլֆի հետ: Դեսպան Մակունցը զրուցակիցին ներկայացուց Ներքին գործերու նախարարութեան մէջ բարեփոխումներու հիմնական ուղղութիւնները, փոխանցեց Ներքին գործերու նախարար Վահէ Ղազարեանի նամակը` ուղղուած Լոս Անճելոսի ոստիկանապետին: Զրուցակիցները մտքեր փոխանակեցին համագործակցութեան հնարաւոր ոլորտներու վերաբերեալ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ աշխատանքներ սկսիլ յատկապէս կրթական, փորձի փոխանակման ծրագրեր իրականացնելու, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ուղղութիւններով:

Մարտ 3-ին տեղի ունեցաւ դեսպան Լիլիթ Մակունցի հանդիպումը Լոս Անճելոսի հոգեւոր կառոյցներու եւ համայնքային կազմակերպութիւններու աւելի քան 150 ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ աշխատանքային այցով Լոս Անճելոս գտնուող ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանը:

Լոս Անճելոսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեանի բացման խօսքէն յետոյ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ` Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը, ապա  դեսպան Լիլիթ Մակունցը իր ծաւալուն ելոյթով անդրադարձաւ հայ-ամերիկեան երկկողմ յարաբերութիւններուն, այդ ուղղութեամբ վերջին տարիներուն կատարուած աշխատանքին, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ մարտահրաւէրներուն, անվտանգային իրավիճակին:

Ելոյթէն յետոյ դեսպան Մակունցը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment